Օրեր առաջ, Գահիրէի կեդրոնի բանուկ փողոցներէն մէկուն մէջ ամուսնոյն հետ քալող մեծահասակ կնոջ մը ուշադրութիւնը գրաւեց կախուած ազդ մը, որ զինք տարաւ դէպի հեռաւո՜ր անցեալ։ Հինգ թէ վեց տարեկան էր ան, երբ մայրը ձեռքէն բռնած տարած էր այդ օրերուն Կազզայի մէջ գործող միա՛կ լուսանկարիչին` Գեղամին աշխատանոցը։ Այդ, եւ մեր, սերունդին ծանօթ է «նկարիչ»ն ու «նկարուելու» արդէն վերացած աւանդոյթը։ Մեզմէ ո՞վ հագուած-շքուած չէ գացած նկարուելու.. Տարինե՜ր անցած էին եւ արդէն Գահիրէի մէջ ապրող, ամուսնացող, կեանք ու ընտանիք մը ունեցող կնոջ յիշողութեան դարակին մէջ պահուած էր մանկութեան իր լուսանկարը, որուն ետեւը տպուած էր` «Լուսանկարիչ Գեղամ»…
Փողոցին մէջ կնոջ պատահաբար հանդիպած ազդը լուսանկարիչ Գեղամին թոռան` փոքր Գեղամ Ճըղալեանին անունը կրող ցուցահանդէսն էր, որ տեղի կ’ունենար Գահիրէի մէջ գործող “Institut français d’ Egypte”-ի կազմակերպութեամբ։
Ահա՛ մեր փոքրիկ աշխարհը, ահա՛ հեռու թուացող մօտ տարածութիւնները, ահա՛ կեանքը եւ իր զարմանալի զուգադիպութիւնները։
Անուանի արհեստավարժ լուսանկարիչ մըն է փոքր Գեղամ Ճըղալեանը, որ կ’ապրի ու կը գործէ Փարիզի եւ Գահիրէի միջեւ։ Իր մեծ հօր արժանաւոր ժառանգորդն է ան, անոր թողած անգին հարստութեան գիտակիցը, պրպտողը, գտնողը, բացայայտողը եւ հանրութեան ներկայացնողը։
Սոյն թուականի Ապրիլ 26-էն Մայիս 12 ընթացող եզակի այս լուսանկարչական ցուցահանդէսը հոծ բազմութիւն մը ընդունեց, բարեկամներ։ Երեւոյթ մը, որ բնա՛ւ պատահական չէր այս օրերուն, քանզի անցեալ Հոկտեմբեր 7-էն Կազզայի յստակ ու կանխամտածուած ոչնչացման, անոր բնակչութեան ակներեւ ցեղասպանութեան ծրագիրը ցայսօր կը շարունակուի` ի տես աշխարհին։
«Աշխարհ» կ’ըսենք ու կը խորհինք. այս պարագային ճի՛շդ ո՞վ է, կամ ի՞նչն է աշխարհը։ Հոս-հոն, ընկերային բազմաթիւ հարթակներու, միջոցառումներու, արդարութեան միջազգային ատեաններու ընդմէջէն ցասում, բողոք ու պոռթկում յայտնող հատ ու կենտ ծափահարուող հանրայայտ դէմքե՞րը, կարմիր գորգերուն վրայ Պաղեստինի դրօշին գոյներով հագուստ հագնող կամ պայուսակ բռնող «հերոսնե՞րը», թէ Երկիր մոլորակը տնօրինող, անոր սահմանները, պետութիւնները, բաժանումները, մարդոց տարբերութիւններն ու արժէքները, մնայուն ու անցողիկ ցեղերը որոշող մեծամեծ տէրութիւնները…
Պատասխան ունինք, բայց չունեցածի պէս կը ձեւացնենք բոլորս։
Ամիսներէ ի վեր մարդիկ, կիներ ու մանուկներ կը սպաննուին, մեռելները շատո՜նց թիւ են եւ ոչ` անուն, տոպրակ են եւ ոչ` դագաղ, մնալու, շարունակելու կամք են եւ ոչ` կորուստի արցունք։ Քաղաք մը համարեա՛ ոչնչացաւ իր բոլոր հարուստ անցեալով, հնամենի իր թաղերով, բակերով, դաշտերով ու տուներով, մարդոց պատմութիւններով, անոնց ուրախութիւններով ու տխրութիւններով, անոնց կեանքերով… եւ ահա՛ սա դաժան ոչնչացումին դիմաց իրողութեան պատի մը պէս կը կանգնի Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ` Սուրիոյ եւ Լիբանանի որբանոցներուն մէջ հասակ առած, ի վերջոյ Կազզա հաստատուած ու այդ հողին կարծես ամբո՛ղջ պատմութիւնը իր լուսանկարներուն մէջ բաւեցուցած Կազզայի առաջին լուսանկարիչը` Գեղամ Ճըղալեանին վաստակը։
1944-էն մինչեւ մահուան թուականը` 1981 ժամանակահատուածին մէջ Կազզայի մէջ ապրող մը դժուար թէ չճանչնայ ամենածանօթ յայտնի այս մարդը։ Ամուսնութիւն, խրախճանք, հարսանիք, մահ, թաղում, ցաւ, եկեղեցի, մզկիթ, վարժարան, հանդէս, ամենատարբեր ու բազմատեսակ մշակութային, մարզական ու քաղաքական միջոցառումներ, պատմական հանդիպումներ, դէպքեր, աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններ. այս բոլորին լիիրաւ արձանագրողն էր ան։
Ահա՛ ամիսներէ ի վեր ոչնչացուելու համար քար քարի վրայ չձգուած Կազզայի, սեւ-ճերմակ ըլլալով հանդերձ` խայտաբղէտ ամբողջ անցեալը սա լուսանկարիչին պահած ու զինք յաջորդողներուն թողած երեք տուփերուն մէջն էին։
Որքան իրակա՛ն եւ յուզիչ պահ էր, երբ ցուցահանդէսին վերջին օրը Կազզայի մէջ նկարուած այդ աղջնակը, այսօր` ամուսնոյն ու դուստրին հետ ցուցահանդէսը դիտող մեծահասակ կինը, ներկայացաւ զինք նկարած լուսանկարիչ Գեղամի թոռան` փոքր Գեղամին, որ գանձ մը գտածի հրճուանքով ընդունեց ու հանրութեան ներկայացուց այդ տիկինը` այս սերնդափոխութեան ականատեսն ու վկան։
Նոյն օրը ներկաներուն ցուցադրուած «Ալ ճազիրա» լրատուական կեդրոնի կողմէն պատրաստուած վաւերագրական ֆիլմին մէջ մանրամասնօրէն բացատրուեցաւ, թէ ինչպէս մեծ Գեղամի որդին` Աւետիսը իր որդւոյն`փոքր Գեղամին մտքին մէջ կաթիլ-կաթիլ սերմանած էր անոր մեծ հօր անցած ճանապարհը, որ կամաց-կամաց, տարիներու ընթացքին պիտի դառնար ի՛րը։ Ի՛նչ խօսք, դրօշները այսպէս կը յանձնուին։
Ցուցահանդէսի աւարտին, երիտասարդ նկարիչը նախանձելի սէր ու տարփանքով յայտնեց ներկաներուն իր մեծ հօր լուսանկարներուն երեք տուփերը գտնելու ընթացքն ու զանոնք ուսումնասիրելու, դեռ ուրիշները փնտռելու եւ գտնելու իր համբերաշատ ճանապարհը։ Չզարմացուց մեզ այս նրբութիւնը, որովհետեւ սիրով սկսած բան մը միա՛յն սիրով կը շարունակուի։
Լուսանկարները ձեզի պիտի յուշեն երիտասարդ Ճըղալեանին նկատել տուած իւրայատուկ տեսանկիւն մը, որ անոր համադրած, վերամշակած ու հանրութեան ներկայացուցած լուսանկարները մտադրաբար չունէին թուական, վայր ու անուանում, այլ` կարծես թէ կեանքով եռո՜ւն քաղաքի մը բնակչութեան կենցաղն են ու իրական առօրեան, որ այսօր պարզապէս չկայ…
Կրկնակի հպարտ ե՛նք, ըլլալու ենք, բարեկամներ, լուսահոգի մեր լուսանկարիչով ու անոր երիտասարդ հաւատաւոր ժառանգորդով, մեծ ու փոքր «Գեղամ»ներով. Հպարտ ենք, քանզի վստահ ենք որ մարդկային իրաւունքներու «արդար» դրօշը ժպիտով օրօրող աշխարհի մեծ-մեծ պետութիւններուն ջնջած, աւելի ճիշդ` ջնջել փորձած վաղեմի քաղաքն ու անոր իսկական բնակիչները, պիտի չջնջուին երբե՛ք։ Ամէնուր են անոնք, ամէնո՛ւր, եւ փողոցէն կախուած ազդի մէ՛կ բառն ալ հերիք է որ անոնք հաւաքուին, քով-քովի գան եւ իրենց վաղեմի հարազատ կեանքը պատերէն կախուած տեսնեն, յիշեն, պատմեն ու վերապրին…
Բոլորին չէ տրուած իրականութեան շունչն ու պատկերը ըլլալ։
Երանի՜ եղողներուն։
Անշեղ ճամբայ եւ լուսաւոր կանգառներ կը մաղթենք քեզի, յարգելի՛ Գեղամ Ճըղալեան։
Սեւան Սեմէրճեան