Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կ’ակնկալէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ կը գերակայեն երկու պետութիւններու միջեւ առկայ դաշնակցային յարաբերութիւններն ու գործընկերութիւնը։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ ՏԱՍՍ-ը՝ փոխանցելով ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովի խօսքերը։
«Մենք կը շարունակենք մեր շփումները հայկական կողմին հետ։ Կ’ակնկալենք, որ մեր յարաբերութիւններու դաշնակցային բնոյթը, գործընկերային բնոյթը կը գերիշխեն»,- նշած է Քրեմլի ներկայացուցիչը՝ մեկնաբանելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները ՀԱՊԿ-ի եւ Պիելոռուսիոյ վերաբերեալ։