Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ), անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ կազմակերպութենէն երկրի հնարաւոր դուրս գալու մասին վերջին յայտարարութիւններուն, կը կարծեն, որ Երեւանը կը մնայ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ ՏԱՍՍ-ը՝ յղում կատարելով ՀԱՊԿ քարտուղարութեան յայտարարութեան։
«Մենք կը կարծենք, որ չնայած ՀԱՊԿ միջոցառումներուն Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութեան նկատելի նուազումին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մնայ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ»,- ընդգծած են ՀԱՊԿ քարտուղարութենէն։
ՀԱՊԿ-ի մէջ ուշադրութիւն հրաւիրած են նաեւ Հայաստանի արտգործնախարար Արարատ Միրզոյեանի պարզաբանումներու վրայ, ըստ որուն՝ Փաշինեանը նկատի չէ ունեցած, որ Հայաստանը դուրս կու գայ ՀԱՊԿ-էն։