Յունիս 18-ին Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանի հետ։
Վարչապետը շնորհաւորած է Թուրքիոյ նախագահը Ղուրպան Պայրամի առթիւ, իսկ Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է Հայաստանի վարչապետը գալիք Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ։
Նախագահ Էրտողան ցաւ յայտնած է վարչապետ Փաշինեանին Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ վերջերս տեղի ունեցած ջրհեղեղին առնչութեամբ։
Առաջնորդները ընդգծած են իրենց քաղաքական կամքը առանց որեւէ նախապայմանի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման վերաբերեալ։
Այդ ծիրին մէջ առաջնորդները ընդգծած են երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներու շարունակականութեան կարեւորութիւնը եւ վերահաստատած են մինչ այժմ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։ Անոնք քննարկած են նաեւ տարածաշրջանի եւ միջազգային օրակարգի վերջին զարգացումները։