ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՖԻՏԱՆ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը։ Անոնք քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ շարունակական երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր եւ անդրադարձած Հայաստանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ համաձայնութիւններու իրականացման: Նշենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացները 2022-ի ամռան համաձայնած էին բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցողներուն համար: Հակառակ անոր որ անոնք զանազան առիթներով վերահաստատած էին այս յանձնառութիւնը, ցարդ այդ ուղղութեամբ յառաջընթաց չէ արձանագրուած: