Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի խաղաղ կարգաւորումը: Այս յայտարարութեամբ հանդէս եկած են ԱՄՆ խումբ մը քոնկրէսականներ` ելոյթ ունենալով Քոնկրէսի շէնքին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ԼՂ անկախութեան տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ:
«Լեռնային Ղարաբաղի յանձնառութիւնը խաղաղութեան» խորագիրով ձեռնարկին ներկայ եղած են ամերիկացի ազդեցիկ օրէնսդիրներ, ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ԼՂ-էն մեկնած արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան:
ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մեղադրեց կրակի հետ խաղ ընելուն մէջ: «Սա մահացու վտանգաւոր, պատերազմական ու սադրիչ գործելաոճ է Ատրպէյճանի կողմէ, մեր դիւանագէտները պէտք է զայն անուանեն իրական անունով»,-նշած է Շիֆ:
«Որպէս աշխարհի ամենահզօր բարի ուժ` Ամերիկան, իմ կարծիքով, պէտք է ԼՂ բնակիչներուն երաշխաւորէ, որ խնդիրը պիտի կարգաւորուի խաղաղ ու համապարփակ` Ղարաբաղի ինքնիշխանութիւնը յարգելով»,- ըսած է քոնկրէսականներէն մէկը:
Զինադադարի պահպանման հարցին նուիրուած եղած է նաեւ ԱՄՆ ազդեցիկ քոնկրէսական, Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսի ելոյթը: Ան յիշեցուցած է, որ ստացուած հաղորդումներուն համաձայն` շփման գիծին վրայ վերջին օրերուն արձակուած է 1500 փամփուշտ ու արկ: «1500 փամփուշտ արձակուած հրասայլերէ ու ականանետներէ, իսկ ԼՂ-ի մէջ այդ պայմաններուն մէջ կ՛ապրի 140 հազար մարդ` տղամարդիկ, կանայք ու երեխաներ»,- յայտնած է Ռոյս:
Ան կրկին ԱՄՆ Պետական բաժանմունքին կոչ յղած է, որ անհրաժեշտ է շփման գիծին վրայ ու հայ-ատրպէյճանական սահմանին յատուկ սարքեր տեղադրել, որոնք կ’արձանագրեն հրադադարը խախտողին ու թոյլ կու տան անոր պատասխանատուութեան ենթարկել:
Պետական բաժանմունքի ներկայացուցիչ Ճոն Քիրպին յայտարարած էր, որ հրադադարի խախտումը ու ծանր հրետանիի օգտագործումը անընդունելի է: