Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ զգալի առաջընթաց գրանցուած է։ Այդ մասին Թիֆլիսի մէջ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Իլիա Տարչիաշվիլիի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած համատեղ մամուլի ասուլիսին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը։
«Չլուծուած հարցերու թիւը զգալիօրէն նուազած է»,- աւելցուցած է Ճէյհուն Պայրամովը: Անոր խօսքով՝ կը շարունակուի նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի սահմանազատումը։ Պայրամովն ընդգծած է՝ մօտ ապագային կը սպասուին հերթական դրական քայլերը։
Պայրամով նշած է, որ Հայաստանի «Սահմանադրութիւն»-ը դեռ տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանի նկատմամբ:
«Ատրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջները կը մնան Հայաստանի հիմնական օրէնքին՝ Սահմանադրութեան մէջ։ Սա մեզի կը թուի գործընթացն աւարտին հասցնելու ամենալուրջ խոչընդոտը», -ըսած է ան։
Տարչիաշվիլին իր հերթին նշած է, որ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի բարեկեցութեան համար կարեւոր է Թիֆլիսի եւ Պաքուի ռազմավարական համագործակցութիւնը:
«Վրաստան ու Ատրպէյճան կ’աջակցին եւ կը յարգեն միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը եւ անոնք կը համագործակցին տարբեր ձեւաչափերով։ Երկու երկրներու միջեւ յաջողութեամբ կը շարունակուի նաեւ համագործակցութիւնը ուժային եւ փոխադրութեան ոլորտներուն»,- նշած է Վրաստանի ԱԳ նախարարը։