ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ներկայ գտնուած է մայրաքաղաքի Աբովեան փողոցին վրայ տարբեր սերունդներու երեք վարպետներու` տուտուկահարներ Վաչէ Յովսէփեանին, Ջիւան Գասպարեանին եւ Լեւոն Մադոյեանին նուիրուած «Ուշացած լուսանկար» անուանումը կրող արձանախումբի բացման արարողութեան:
Արձանախումբի քանդակագործն է Դաւիթ Մինասեան, ճարտարապետ` Լեւոն Իգիթեան: