Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէն իրականացած համալիր հետախուզական քայլերու ընթացքին, ստացուած տուեալներու իրականացման իբրեւ արդիւնք, 2015 Դեկտեմբեր 4-ին ձերբակալուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, Արմաւիրի մարզի բնակիչ, պահեստազօրային հրամանատար` Գարիկ Խաչիկի Մարութեանը, (1977-ի ծնունդ):
ՀՀ ԱԱԾ մամուլի կեդրոնին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Գարիկ Մարութեանը երկար տարիներ զբաղեցնելով ՀՀ ՊՆ տարբեր զօրամասերու հետախուզութեան պետի պաշտօններ, համացանցային հասարակական կայքերու միջոցով կապ հաստատած է Թուրքիոյ մէջ գործող ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններու հետ եւ վարձատրութեան դիմաց անոնց փոխանցած ծառայութեան բերումով իրեն յայտնի դարձած, ներառեալ` պետական գաղտնիք պարունակող տուեալներ:
Աղբիւրին համաձայն` յարուցուած է քրէական գործ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքի 299-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով եւ Գ. Մարութեանին առաջադրուած մեղադրանք պետական դաւաճանութեան համար: Կը կատարուի նախաքննութիւն: