Ատրպէյճանական եւ հայկական զօրքերու շփման գիծին վրայ վերջին լարուածութիւնը ու ծանր ռազմամթերքի օգտագործումը անթոյլատրելի է. յայտարարած է ԱՄՆ պետական բաժանմունքի մամուլի ծառայութեան ղեկավար Ճոն Քիրպին` հերթական ճեպազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով սահմանային վերջին միջադէպերուն, կը հաղորդէ Tert.am-ը:
Ան ցաւակցութիւն յայտնած է վերջին միջադէպի հետեւանքով զոհուածներու կամ վիրաւորուածներու ընտանիքներուն ու յիշեցուցած, որ նման յարձակումները չեն համապատասխաներ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի նախագահներու ստանձնած յանձնառութիւններուն` ԼՂ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու հարցով:
«Մենք կողմերուն կոչ կ՛ընենք պահպանելու հրադադարը»,-ըսած է Քիրպին:
Ան նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն յառաջիկայ հանդիպման մասին: «ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները այս ամիս հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ընենք միջոցներ ձեռնարկելու` բռնութենէն խուսափելու եւ բանակցութիւններու մթնոլորտը բարելաւելու համար»,- ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ վերջին օրերուն սահմանին իրադրութիւնը կը շարունակուի լարուած մնալ: ԼՂՀ ՊԲ-ն հաղորդագրութիւն տարածած էր` նշելով, որ ատրպէյճանական կողմը առաջին անգամ կրակ բացած է հրասայլէ: Հայկական կողմէն զոհուած էր մէկ զինուոր: