Ատրպէյճանի նախագահը վերստին պնդած է՝ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման կարեւորագոյն պայմանը Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է, քանի որ անոր մէջ, ըստ Իլհամ Ալիեւի, տարածքային պահանջներ կան իր երկրին նկատմամբ:
«Քանի դեռ այդ տեղի չէ ունեցած, խաղաղութեան պայմանագիրը չի ստորագրուիր: Այդ հասկանալի է»,- APA գործակալութեան փոխանցմամբ՝ ըսած է Ալիեւ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Քեվըն Համիլթընի հաւատարմագրերը ընդունած ժամանակ:
Սահմանադրութեան փոփոխութեան՝ Պաքուէն հնչող պահանջներուն Երեւանէն բազմիցս հակադարձած են, որ անոնք Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու փորձ են:
Ալիեւ վստահեցուցած է, թէ այդ պայմանը կատարելու պարագային խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին կամ առնուազն անոր հիմնական սկզբունքներուն վրայ աշխատանքը հնարաւոր պիտի ըլլայ աւարտել քանի մը ամսուայ ընթացքին: Հնարաւոր տարբերակներէն մէկը ան համարած է հիմնական սկզբունքներու նախաստորագրումը:
Միաժամանակ, Ատրպէյճանի նախագահը վստահեցուցած է, որ «ներկայիս կը տեսնենք լաւագոյն արդիւնքները երկկողմ մակարդակով»: «Ոչ ոք կը միջամտէ այս գործընթացին»,- յաւելած է Ալիեւ:
«Մենք կրնանք համաձայնութեան գալ սահմաններու սահմանազատման եւ նոյնիսկ, ինչ որ հազուադէպ կ’ըլլայ, անոնց սահմանագծման հարցով: Ճիշդ է, խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուած չէ, սակայն արդէն հասած ենք սահմաններու սահմանազատման»,- ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:
Վերադարձի իրաւունքի մասին դեսպանին մեկնաբանութեան Ալիեւ պատասխանած է, թէ «վերադարձի իրաւունքը պէտք է ապահովուի երկուստեք, այդ շարքին պէտք է վերաբերի Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքի ներկայացուցիչներուն»,- ըստ ատրպէյճանական պարբերականին: