Նոր հիւլէակայանի կառուցման հարցին հետ կապուած ԱՄՆ-ի հետ հասած ենք առարկայական փուլ։ «ՀՀ-Արեւելեան Գործընկերութիւն-ԵՄ. գործընկերութեան մարտահրաւէրները եւ հնարաւորութիւններ» խորագրով քննարկման ժամանակ այս մասին ըսած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։
Անոր խօսքով՝ հիմա ԱՄՆ-ի հետ կը քննարկուի իրաւապայմանագրային դաշտը կարգաւորելու հարցը, քանի որ առանց անոր այս հարցին մէջ յառաջ երթալ չեն կրնար։
«Այս պահուն գնդակը ԱՄՆ-ու դաշտն է։ Մենք կ’ակնկալենք, որ այս հարցը անցնի ԱՄՆ ներհամակարգային գործընթացները, որ անկից ետք կարողանանք աշխատիլ»,- ըսած է Գրիգորեան՝ յաւելելով, որ հիւլէակայանի հարցը երկարաժամկէտ համագործակցութիւն է, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը ԱՄՆ-ի հետ ունի նաեւ կարճաժամկէտ ծրագրեր: