Նորատեսակ քաղաքականութիւն մը

Արայ Կարմիրեան

ԱԿՕՍ-ի 11 Սեպտ. 2015 ի թիւին մէջ Վարդան Էսթուքեան ունի յօդուած մը, որ առնուելով «Ազատական մտածողութիւն» պարբերաթերթէն, կու տար իսլամաց մեծ մարգարէէն մէջբերումներ: Հոն կը պատգամուէր եւ կը թելադրուէր թէ Իսլամ երկիրներու Իսլամ ժողովուրդը ինչպէ’ս պէտք է վերաբերուի ոչ-իսլամ քաղաքացիներու հանդէպ. «Քրիստոնեաներու անձին, ինչպէս նաեւ անոնց աղօթատեղիներուն պէտք չէ վնաս պատճառել»: Իսկ հայերու մասին կը խօսէր, որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ մը, որ կ’ապրէր Պիզանսի եւ Պարսկաստանի իշխանութեան տակ:

Յօդուածագիր Հասան Եիւճէլ Պաշտէմիր կ’ըսէ թէ իսլամ ժողովուրդը հետզհետէ փոխեց իր բարոյական կեցուածքը հայերու հանդէպ: Նոյնիսկ իսլամներ, իրենց միջեւ իսկ կորսնցուցին նախկին ապրելակերպը: Ան կը խորհի, թէ հարկաւ այսօր իսկ կան հաւատացեալ իսլամ հատուածներ, որոնք պահած են հին բարոյականը, սակայն այժմու առօրեան հին շրջանը չէ այլեւս:

Երբ Վ. Էսթուքեան ակնարկը կը դարձնէ դէպի 1915 եւ հարց կու տայ թէ այսօր իսլամական հայեացքով ինչպէ՞ս կ’արժեւորէ 1915 ին ապրուածները, պատասխանը կ’ըլլայ, թէ գործողութիւնները դոյզն իսկ նմանութիւն չունին առաջադրութիւններուն հետ: Անբացատրելի վիճակ մը ստեղծուած է 1915 էն ի վեր հայ եւ թուրք յարաբերութիւններուն մէջ:

Սա որոշ է, որ հայ գաղութը հետզհետէ աւելի կարեւորութիւն տուաւ ուսման, օրինակ առնելով արեւմտեան երկիրները. մինչդեռ թուրք տարրը, իր բանակի եւ յաջորդական արքաներու ռազմական նուաճումներու շնորհիւ կեղեքեց հայերու ունեցուածքը, տէր դարձաւ հողամասերուն: Յատկանշական է, որ ուսման հետեւող թուրք երիտասարդներու թիւն ալ յայտնօրէն աւելցաւ, բայց անոնց հայերու հանդէպ թշնամանքը բնաւ չպակսեցաւ: Շատ դժուար է այս պարագային բացատրութիւն գտնել. այս իրողութիւնը կրօնական մեկնաբանութիւն մըն ալ չունի, քանի որ արդի թուրք երիտասարդութիւնը կրօնական մոլեռանդութիւն մը չունի իսլամական կողմէ:

Արեւմտեան երկիրներու վստահելով Օսմանեան գերիշխանութենէն փրկուելով ազատութիւն հռչակող Յունաստանի, Պուլկարիոյ, եւ Ռումանիոյ փոխարէն հայերը չկրցան անկախանալ, վասնզի Ռուսիա, իր պոլշեւիկութիւնը հաստատելու համար ստիպուեցաւ թուրք դրացիին հետ հաշտութեան դաշինք կնքել: Թուրքն ալ իր կարգին Անատոլուի հողերուն վրայ բացարձակ իշխող ըլլալու համար պէտք ունէր իր բնակավայրին մէջ հայերու դէմ թուական բացարձակ գերակայութիւն ունենալ: Լուծումը կարելի եղաւ 1915 ի հայոց ջարդով, քանի որ հայերը ոչ բանակ ունէին, ոչ զէնք, իսկ Ռուսիա դարձած էր Թուրքիոյ դաշնակից: Մինչդեռ Եւրոպա մնաց դիտող, քանի որ ոչ մէկ շահ ունէր հայերու պաշտպան կանգնելու համար: 1915 ը կերտեց սեւ պատմութիւնը հայերու, որոնք 1,5 միլիոն զոհ ունեցան ջարդի մէջ: Ասոնց մեծ մասը անթաղ՝ գետերու հետ ծովն ալ կարմիր ներկեցին:

Համիտեան շրջանը վերջ գտնելէ ետք Թուրքիոյ հանրապետութիւնը իր յարմար գտած շարադրութեամբ ազգային նոր պատմութիւն գրեց: Եւրոպայի լուռ եւ կոյր կեցուածքին առջեւ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ջնջեց պատմութեան գիրքերէն եւ Եւրոպա հաշիւ չպահանջեց Թուրքիայէ, որ դարձած էր իրեն համար շահաբեր շուկայ: Թուրքիա այսօր իսկ անպատկառօրէն աշխարհին կ’ըսէ՝ թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապացուցուած իրողութիւն չէ: Այսօր, պատմութեան բեմին վրայ կը բեմադրուին երկու կատակերգութիւններ. 1) Հայաստան – Թուրքիա բարեկամութիւնը, 2) Հայ Ուղղափառ Եկեղեցին կը ձեռնարկէ սրբացնել Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն անանուն զոհերը: Հատուցումի խօսքն իսկ չկայ:

 

Մոնթրէալ, 8 Նոյեմբեր 2015