Սուրէն Սահակեան. «Ատրպէյճան չուզէր խաղաղութիւն կնքել Հայաստանի հետ»

«Ապագայ»ի հարցերուն կը պատասխանէ, հայրենի քաղաքական-հասարակական գործիչ՝ Սուրէն Սահակեան։

Պրն. Սահակեան հակառակ անոր, որ Բագրատ Սրբազանի առաջնորդած «Սրբազան պայքար» շարժումը մտած է գրեթէ մահաքունային իրավիճակի մը մէջ, Բագրատ Սրբազանն ու իր համախոհները կը շարունակեն ըսել, որ շարժումը չէ մարած։ Ի՞նչ են Ձեր գնահատականները։

Բագրատ Սրբազանը, թերեւս, ամենալաւը գիտէ, թէ մարա՞ծ է շարժումը, կամ ոչ։ Հայաստանը, տարիներով շարունակուող շարժումներ տեսած է, մասնաւորաբար, «Ղարաբաղեան շարժումը», որ սկսելով 1988-ին, աւարտեցաւ Մայիս 1990-ին, Գերագոյն Խորհրդի ընտրութիւններով։

 

Ընդդիմութեան վերջին շարժումին ու քայլերուն վերաբերեալ վերապահութիւններ ունի՞ք։ Ո՞ւր սխալեցան եւ տակաւին հնարաւորութիւն ունի՞ն դարձեալ փողոց ելլելու։

Ցաւօք, ես հնարաւորութիւնը չեմ ունեցած այդ շարժումին մասնակցելու, քանի որ քանի մը շարք մտահոգութիւններ ունէի, որոնք այդպէս ալ չփարատեցան։, Իմ ամենամեծ վերապահումս մասնաւորաբար շարժման մէջ եկեղեցւոյ լայն ներգրաւուածութիւնն էր։ Կը կարծեմ, որ վարչապետի այլ թեկնածուով մը շարժումը աւելի մեծ յաջողութիւններ կ՚ունենար։ Հարցը ամենեւին Բագրատ Սրբազանի որակները չեն։ Հարցը, հանրութեան պատրաստ ըլլալը կամ չըլլալն է։ Հանրութիւնը ընդունած է Սրբազանին առաջնորդութիւնը իրեն յուզող հարցումներուն պատասխաններ գտնելու համար, բայց ինչպէս մենք նաեւ տեսանք, որ ան պատրաստ չէր անոր որպէս վարչապետ ընկալելու։ Իսկ այդ մէկը հնարաւոր էր կանխատեսելը։ Աւելին, շատեր կանխատեսած էին։

 

Մինչեւ այս պահը մեզմէ շատեր չհասկցան «Տաւուշը յանուն հայրենիք»ի շարժման կեդրոնական դէմքերէն՝Սուրէն Պետրոսեանի առած քայլը։ Ինչո՞ւ այդ վարքագիծը եւ արդեօք Պետրոսեան դարձեալ պիտի միանա՞յ Բագրատ Սրբազանի շարժումին։

Սուրէն Պետրոսեանին հետ հնարաւորութիւնը չեմ ունեցած խօսելու այդ մասին, հետեւաբար չեմ կրնար խօսիլ իր քայլերուն հիմնաւորուածութեան մասին։ Այնուամենայնիւ, ինք հնարաւորութիւն ունեցած է իր քայլերուն մասին հանրութեան հետ խօսելու ու այդ մէկը կատարած է բաւական հանգամանալից ու ազնիւ ձեւով։ Ամէն մէկուն գործն է ըստ այդմ վերաբերմունք ձեւաւորելը ։

Այս բոլորէն անդին շատ կը խօսուի այն մասին, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերը, հետեւաբար նաեւ աշունը պիտի ըլլան «թէժ» Հայաստանի համար։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։ Կայ խօսակցութիւն, որ յառաջիկայ աշնան Հայաստանի ընդդիմադիր ճակատը նոր դէմքերով հանդէս պիտի գայ, ընդ որում շատ կը խօսուի Պաքուի մէջ բանտարկուած Ռուբէն Վարդանեանի քաղաքական դաշտ վերադառնալուն մասին։ Հնարաւո՞ր է այդպիսի բան։

 

Ռուբէն Վարդանեանի վերադարձին մասին, թերեւս համոզմունքներ կրնայ յայտնել միայն Ալիեւը, սակայն, քաղաքական թէժ իրավիճակը անխուսափելի է այնքան ատեն, որ Հայաստանի կառավարման ղեկին վրայ Փաշինեանն է։ Միայն Փաշինեանի անձն ու անոր ղեկավարման պարագան բաւարար են, որ մարդիկ իրենք զիրենք անապահով զգան Հայաստանի մէջ ապրելու առումով։ Եթէ առկայ ընդդիմութիւնը դադրի անոր կառավարման դէմ պայքարը, անպայման պէտք է ստեղծել նորը եւ պայքարիլ, այլապէս Հայաստանին սպառնացող վտանգները չեն դադրիր։ Ցանկալի են նոր դէմքեր, քանի որ, ինչպէս կը տեսնենք, հիները ոչ մէկ վստահութիւն կը ներշնչեն։

 

Եղած շարժումներէն ու բաւական մեծ լարումէն ետք, կը կարծէ՞ք որ Հայաստանի «աշխոյժ» հասարակութիւնը պիտի մասնակցի գալիքին տեղի ունենալիք շարժումի մը։

Կը կարծեմ, թէ ամէն ինչ կախուած է անկէ, թէ յառաջիկայ նախաձեռնութիւնները որքանով կրնան համոզել հանրութիւնը, որ կարողութիւնը ունին դրութիւնը փոխելու։ Եթէ նոր առաջնորդները հանրութեան մէջ երեւին որպէս Հայաստանի, ապագայ, յաջողակ «լիտըր»ներ, եթէ անոնց խօսքը դպչի ժողովուրդի սրտին, եթէ անոնք կարողանան հանրային «աքթիւ» շրջանակներուն համոզել իրենց շուրջը միաւորուելու, եթէ անոնք կարենան այդ ընել, դուք պիտի զարմանաք հանրութեան աշխուժութենէն։ Ի հարկէ, այս մէկը ներկայիս Հայաստանի մէջ ամենաբարդ գործն է, բայց եթէ յաջողի, ապա նոր առաջնորդները համարում կ՚ունենան, որ Հայաստանի ներքաղաքական ամենաբարդ խնդիրը արդէն լուծած են եւ անոնք հնարաւորութիւնը կ՚ունենան անցնելու արտաքին քաղաքական ամենաբարդ խնդիրները լուծելուն։

 

Շատեր այն կարծիքը ունին, որ Նիկոլ Փաշինեան «անպարտելի» է փողոցին մէջ, կա՞յ այդպիսի բան։

Ի հարկէ՝ ոչ։ Աշխարհի մէջ անպարտելի ո՛չ բանակ եղած է, ոչ ալ յատկապէս՝ անձ։ Առաւել եւս «Մղաշարժ» («Իմբալսիվ» խմբ.՝ Ս.Արեան) Նիկոլ Փաշինեանը պարտուելու հակուած է։ Փողոցային պայքարը առողջ ուղեղ եւ ամուր նեարդներ կը պահանջէ։ Արդէն 6 տարի է, Նիկոլ Փաշինեանը կը ղեկավարէ եւ ապացուցած է, որ իր սառնասրտութիւնը սահման ունի։ Հետեւաբար, ան ոչ միայն անպարտելի չէ, այլեւ անոր հեշտ է յաղթելը։ Շատեր կը մոռնան, որ 2018-ին, մինչեւ վարչապետ ընտրուիլը, Նիկոլ Փաշինեանին շատ քիչերը լուրջ կ՚ընկալէին։ 2018-ին, փողոցի անոր յաջողութիւնը միայն իր շնորհքը չէր։ Այդ ժամանակ շատ մարդիկ կային փողոցը, որոնք քաղաքականութենէն իրմէ շատ աւելի բան կը հասկանային։ Ի դէպ, այդ շերտի փոքր հատուածը այսօր իր կառավարութեան մէջ ներգրաւուած է, իսկ միւս՝ աւելի մեծ հատուածը այսօր չէզոք է։ Նոր առաջնորդները, այս մեծ հատուածը պէտք է համոզեն, որ կարողութիւնը ունին Հայաստանը առաջնորդելու։ Եւ այդպէս է, որ յաջողութիւնը տեղի կրնայ ունենալ։

 

Խօսինք Հայաստան-Ատրպէյճան իրադրութեան մասին, ու այդ պատուհանէն դիտելով հարց տանք Ձեզի։ Հնարաւո՞ր է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիր կնքեն։

Իմ կենսափիլիսոփայութեան մէջ, առանցքայինը այն է, որ աշխարհի մէջ անհնարին ոչինչ կայ։ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը ինչ-որ թուղթ մը կրնան ստորագրել, բայց երկու պետութիւններուն այսօրուան մղումներէն դատելով, զայն «խաղաղութեան պայմանագիր» եզրով բնութագրելը հնարաւոր չէ։ Անոնք խաղաղութիւն չեն ուզեր, նուազագոյնը՝ Ատրպէյճան այդ մէկը չ՚ուզէր։ Այդպիսի փաստաթուղթ ստորագրելու իբրեւ նախապայման, Ատրպէյճանը Հայաստանին առջեւ անլուծելի խնդիրներ կը դնէ։ Այդ կրնա՞յ ըլլալ, որ Ատրպէյճանի բարի մտադրութիւններն են։ Ի հարկէ՝ ոչ։ Իսկ եթէ Հայաստանը անոնց համաձայնի, ապա այդ կը նշանակէ, որ ոչ մէկ բան կայ, որուն այլեւս չի համաձայնիր։ Ըստ էութեան, այդ կը նշանակէ, որ Հայաստանը այլեւս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Իսկ Ալիեւը չի կնքեր պայմանագիր մը, որ իր ձեռքերը կրնայ կապել։

 

Վերջին շաբաթներուն, Հայաստանի մէջ  բաւական աքթիւ կերպով կը քննարկուի Հայաստանի ԵՄ-ին անդամակցութեան հայց-յայտ ներկայացնելու հարցը. Այդ առումով կը խօսուի  հանրաքուէ մը իրականացնելու մասին։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։

ԵՄ անդամ կը դառնան առնչուելով ԵՄ օրէնքներուն, զանոնք կիրառելով։ Որեւէ կազմակերպութիւն, մասնաւորաբար ԵՄ-ը, իր շարքերը կ՚աւելցնէ այն պետութիւններով, որոնք կրնան ամբողջ կազմակերպութեան օգուտ բերել։ ԵՄ չեն անդամակցիր, եթէ խնդիրներ պիտի ստեղծեն կազմակերպութեան մէջ։ Հայաստանը այդպիսի անդամ ըլլալու պահանջներէն շատ հեռու է։ Հայաստանը անոր ո՛չ տնտեսապէս, ոչ իրաւական առումով, ոչ անվտանգային առումով պատրաստ է։

Հայաստանը դեռ պէտք է ապացուցէ, որ իր հետ կ՚արժէ աշխատիլը, որ ինք յուսալի գործընկեր է, որ իր կարծիքը կախուած չէ Մոսկուայէն կամ Պաքուէն։ Այսօր, Հայաստանի վերաբերեալ որոշումները կրնան նոյնիսկ Պաքուի մէջ կայացուիլ։ Յամենայնդէպս, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ շատերը այդպէս կը կարծեն։ Եւրոմիութեան համար այդպիսի անդամ պէ՞տք է ։ Ցանկութիւնները մէկ բան են, իսկ իրողութիւնները կրնան տրամագծօրէն անոր հակառակը ըլլալ։ Այդ քայլերուն մասին խօսքը կու գայ հանրային-քաղաքական այն մտածողութենէն, որ մեր ազգին բազմաթիւ հարիւրամեակներ թոյլ չեն տուած ինքնորոշուելու եւ սեփական որոշումները կայացնելու՝ անոնց պատասխանատուութիւնը կրելով։ Ըստ այդ մտածողութեան, ուժեղ պետութիւն մը կամ դաշինք մը պէտք է իր ապահով գիրկը առնէ մեզ եւ պաշտպանէ բոլոր վտանգներէն։ Այսօր աշխարհին այլ, տարբեր հարցեր կը մտահոգեն, քան մեր ճակատագիրը։

 

Ներքին, քաղաքական զարգացումներուն առումով այսօր Հայաստանը կարիքն ունի «երրորդ ուժ»ի մը, բազում դրոյթներու եւ պատճառներու բերումով։ Կա՞յ այդ հնարաւորութիւնը, եւ այդ առումով Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեան եւ անոր շուրջ խմբուած ուժերը կարո՞ղ են, ինչ որ կերպ նպաստել այդ օրակարգի իրականացման։

Անկեղծ ասած, Հայկ Մարութեանին վարած քաղաքականութիւնը շատ շղարշուած է եւ բաւական անպատասխան հարցեր կ՚առաջացնէ։ Չեմ գիտեր, թէ ինչ նպատակ ունի եւ անոնց հասնելու ինչ լուծումներ կը տեսնէ։

 

Այս բոլորին առընթեր Սփիւռքը, որեւէ կերպ ներուժը ունի՞ նպաստելու  ներքաղաքական կեանքի կայունացման։

Ես կը կարծեմ, որ ներքաղաքական հարցերուն մէջ, Սփիւռքի հնարաւոր ազդեցութեան աստիճանը այսօր ամենաքիչն է, որ երբեւէ եղած է։ Այսօր, նոյնիսկ Հայաստան գտնուելով դժուար է իրողութիւնները ճիշդ ձեւով գնահատելը, որովհետեւ անոնք ժամ առ ժամ կը փոխուին։ Սփիւռքէն այդ մէկը ընելը շատ դժուար է, եթէ չըսենք՝ անհնար։ Եթէ ցանկութիւնը կայ Հայաստանի քաղաքական անցուդարձին մասնակցելու, անոր մէկ լաւ ձեւը կայ՝ վերադառնալ Հայաստան եւ աշխատիլ ի բարօրութիւն ապագային, լաւ Հայաստան մը ունենալուն։

 

 Սագօ Արեան