Թուրքիոյ մէջ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը օգտագործելուն համար ռատիոկայան կը փակուի

Թուրքիոյ ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդի որոշմամբ չեղարկուած է Բաց Ռատիոյի (Acık Radyo) արտօնագիրը․ պատճառը Ապրիլ 24-ին ռատիոյին եթերով հնչած «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթն է։

Խորհուրդը «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը օգտագործելու համար ռատիօն տուգանելու եւ հեռարձակումը կասեցնելու որոշում ընդունած էր, իսկ արտօնագիրը չեղարկելու որոշում կայացուցած է այն բանէն յետոյ, երբ Acık Radyo-ն հեռարձակման կասեցման որոշումը չէ կատարած։

«Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ռատիոյի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ իրենք հեռարձակումը կասեցնելու մասին որոշումը չեն կատարած, քանի որ աւելի վաղ դատարան դիմած եւ բողոքարկած էին այդ որոշումը, սակայն Բարձրագոյն Խորհուրդը, չսպասելով դատարանի որոշման, կայացուցած է ռատիոկայանը արտօնագրէն զրկելու որոշում։ Ռատիոյէն նաեւ փոխանցեցին, որ իրենք վճարած էին որպէս տուգանք սահմանուած գումարին մէկ մասը։

9 հոգիէ բաղկացած խորհուրդը, ուր կը գերակշռեն իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան ներկայացուցիչները, ռատիօն փակելու որոշում ընդունած է, քանի որ չէ դադրեցուցած հաղորդման հեռարձակումը, որ, ըստ խորհուրդին, խախտած է «հասարակութիւնը ատելութեան եւ թշնամանքի դրդել կամ ատելութեան զգացում յառաջացնել հասարակութեան մէջ՝ անկախ ցեղէն, լեզուէն, կրօնքէն, սեռէն, դասակարգէն կամ աղանդէն» յօդուածը։

1995 թուականէն հեռարձակուող ռատիոյի երեսուն տարուան ջանքերը մէկ որոշմամբ հողին կը հաւասարեցուին։ Թուրքիոյ աւելի ժողովրդավար եւ լայնախոհ մտաւորականութիւնը անհանգստացած է, բայց զարմացած չէ, քանի որ Բարձրագոյն Խորհուրդին կողմէ լռեցնելու նպատակով պատժուած ոչ-իշխանամէտ լրատուամիջոցներու ցուցակը երկար է։

Բաց Ռատիօն իր ստեղծման առաջին իսկ օրէն պաշտպանած է մարդու հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, խթանած է բազմամշակութային կեանքը, մշակոյթներու եւ ինքնութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները։ Ռատիոյին մէջ արդէն երկար տարիներ է՝ եթերաժամ ունի նաեւ ԱԿՕՍ շաբաթաթերթը։ Ռատիօն մինչ այսօր 1300-էն աւելի կամաւորներու ջանքերով աւելի քան 1200 հաղորդում պատրաստած է քաղաքականութեան, ընկերաբանութեան, հոգեբանութեան, մշակոյթի, բնապահպանութեան եւ շատ այլ ոլորտներու վերաբերեալ։

Ռատիոյի անձնակազմն ու տնօրինութիւնը իրաւական բոլոր ուղիներով պիտի փորձէ պաշտպանել իրենց իրաւունքները եւ դէմ դուրս գալ մամուլի ազատութեան դէմ իրականացուող բռնաճնշման։