ԱՄՆ պետքարտուղարը կը կարծէ, որ Հայաստան ու Ատրպէյճան շատ մօտ են վերջնական համաձայնութեան հասնելուն

Վերջին մէկուկէս տարուայ ընթացքին Հայաստան ու Ատրպէյճան շատ կարեւոր աշխատանք կատարած են բանակցութիւններու եւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման ուղղութեամբ։

Ըստ «Արմէնփրէս»-ի, ԱՄՆ-ի Պետքարտուղար Էնթընի Պլինքըն, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտգործնախարարներու հանդիպումէն առաջ, ըսած է. «Համաձայնագիրը երկարաժամկէտ է, եւ արժանապատիւ։ Այն բացառիկ հնարաւորութիւններ կը բանայ երկու երկրներու, տարածաշրջանի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ իրենց յարաբերութիւններու համար: Ատրպէյճանը ու Հայաստանը կը կիսեն այս տեսակէտը: Սոյն գործընթացին Միացեալ Նահանգները կը ձգտի օգնել եւ աջակցիլ կողմերուն՝ Եւրոմիութեան եւ Եւրոպայի բազմաթիւ գործընկերներու հետ միասին»:

ԱՄՆ-ի պետքարտուղարի կարծիքով՝ Ուաշինկթընի հանդիպումը առիթ է արձանագրելու այն առաջընթացը, որ ձեռք բերուած է կողմերու միջեւ:

«Ելնելով այն բոլոր պարտաւորութիւններէն, որոնք մենք ունեցած ենք, այդ թուին՝ վերջին շաբաթներու ընթացքին, ես կը կարծեմ, որ երկու երկրները շատ մօտ են վերջնական համաձայնութեան հասնելուն, ինչին Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կ’աջակցի: Այնպէս որ, ես շատ շնորհակալ եմ այսօրուայ հանդիպման մասնակիցներուն, որպէսզի նորէն գնահատեմ, թէ որտեղ ենք մենք եւ տեսնել, թէ Միացեալ Նահանգները աւելին ինչ կրնայ ընել, որպէսզի օգնէ ձեզ համաձայնութեան հասնելու համար: Շնորհակալութիւն երկուքիդ ալ, այստեղ ըլլալու համար»,- եզրափակած է պետքարտուղար Պլինքըն:

Աւարտին յիշենք, որ Յուլիսի 10-ին Ուաշինկթընի մէջ ՆԱԹՕ-ի կազմաւորման 75-ամեակին նուիրուած գագաթնաժողովի շրջանակներուն ԱՄՆ-ի պետքարտուղար՝ Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ, տեղի ունեցած է ՀՀ ԱԳ նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար՝ Ջէյհուն Պայրամովի հանդիպումը: