Սուրիահայ Արինա Թէքէեանի Ոդիսականը

19ամեայ Թէքէեան չորս ժամ լողալէ ետք փրկուած է ու ներկայիս կը դարմանուի Իզմիրի մէջ- Իր ծնողները, եղբայրն ու մեծմայրը ջրախեղդ եղած են

 

Հայկական լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն 9 Դեկտեմբեր 2015-ին, լուր մը սուրիահայ ընտանիքի մը մասին, որ դժբախտ ճակատագիր մը ունեցաւ: Հալէպահայ Թէքէեան ընտանիքը՝ Յովհաննէս Թէքէեան, Թալին Պարթունեան-Թէքէեան, Արինա եւ Վահան Թէքէեաններ ու Թալինին մայրը՝ Սեդա Պարթունեան Սուրիայէն Գերմանիա մեկնելու նպատակով, փախստականներու խումբով շաբաթ մը առաջ Լիբանանէն Թուրքիա եկած են: Անոնք որոշած են լաստանաւով Յունաստան անցնիլ ծովու ճամբով, սակայն դժբախտաբար լաստանաւը ընկղմած է ու բոլոր անդամները խեղդուած են: Թէքէեաններու միայն 19 տարեկան դուստրը՝ Արինա Թէքէեանն է որ չորս ժամ լողալէ ետք փրկուած է ու այժմ կը դարմանուի Իզմիր հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի Թէքէեան ընտանիքի անդամներու ճակատագիրը պարզելու ուղղութեամբ: Նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան ըսաւ որ իրենք չէին կրնար անտարբեր մնալ այս ցաւալի դէպքի առնչութեամբ: Զաքարեան տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնները, «Սփիւռքի Նախարարութիւն հրաւիրուած է Յովհաննէս Պարթունեանը, որուն քրոջ ընտանիքն է այս կորուսեալ ընտանիքը: Անոնք կ’ապրէին Լիբանանի մէջ: Հոնկէ Իզմիր գացած էին, յետոյ Իզմիրի մօտակայքէն որոշած էին նաւով հասնիլ Յունաստան եւ հոնկէ անցնիլ Գերմանիա, ուր կ’ապրէր ընտանիքի աղջիկներէն մէկը: Լաստանաւը ընկղմած է եւ բոլոր ճամբորդները ջրախեղդ եղած են, միայն քանի մը հոգի փրկուած է, այդ կարգին նաեւ Արինա Թէքէեանը՝ Թէքէեան ընտանիքի դուստրը:

Յովհաննէս Պարթունեանի քոյրը, փեսան,, երկու զաւակները՝ 19ամեայ Արինան ու 10ամեայ Վահանը, մայրը լաստանաւի մէջ էին: Փաստօրէն միայն Արինան է որ փրկուած է: Ընտանիքի միւս դուստրը՝ Սէրլի անունով, Հայաստանի մէջ հաստատուած է ու կ’ուսանի»:

Ֆիրտուս Զաքարեան տեղեկացուց որ Յովհաննէս Պարթունեանի խնդրանքով կը փորձեն մանրամասնութիւններ պարզել: «Կը փորձենք ճշդել թէ փրկուածներու կամ զոհուածներու մարմինները ո՞ւր են, ափ հասա՞ծ են թէ ոչ: Կ’աշխատինք այդ ուղղութեամբ: Երկրորդ հարցը Արինայի հետագայ ճակատագիրն է. մօրաքոյրը, որ Գերմանիոյ մէջ կը բպնակի, Իզմիր գացած է ու կը փորձէ օգնել Արինային: Կա’մ Գերմանիա պիտի երթան, կամ Հայաստան պիտի գան: Իրե’նք է որ պիտի որոշեն: Ինչպիսի որոշում ալ որ ընդունին, պիտի օգնենք անոնց: Գալով Սէրլիին, ան Երեւանի մասնաւոր դպրոցներէն մէկուն մէջ կ’ուսանի, Սփիւռքի Նախարարութիւնը պիտի փորձէ հոգալ անոր ուսման վարձը եւ հոգեբանական օգնութիւն ցուցաբերել», շեշտեց Ֆիրտուս Զաքարեան:

Ի՞նչ ըսաւ Արամ Սրբազան

Այս նիւթի կապակցութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանը ցաւ յայտնած է այս ողբերգական դէպքի կապակցութեամբ:

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը եւս կապ հաստատած է Պատրիարքարանի հետ, զարգացումներէն տեղեակ ըլլալու համար: Արիանա Թէքէեանի մօրաքոյրը Իզմիրի մէջ կը սպասէ որ իր ազգականներու մարմինները գտնուին եւ յանձնուին իրենց: