Կրակելով Ռուսական Ռազմական Օդանաւին Վրայ` Էրտողանը Կրակ Ինկաւ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Տարբեր երկիրներու ղեկավարները տարիներ շարունակ կը շողոքորթէին Ռեճեփ Թայյիփ Էրտողանին դիմաց` փորձելով զայն իրենց կողմը գրաւել: Անոնք այնքան փառաբանեցին Թուրքիոյ նախագահը, որ շռայլ գովեստները խելքահան ըրին զայն: Իբրեւ նոր Օսմանեան կայսրութեան ինքնակոչ մեծ սուլթան` Էրտողանը սկսաւ միջամտել դրացի երկիրներու ներքին գործերուն եւ բանտարկել իր երկրի քաղաքացիները, որոնք կը  համարձակէին յայտարարել, որ սուլթանը մերկ է…

Առաջին ղեկավարը, որ խաբուեցաւ Էրտողանի կողմէն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն էր, որուն անխոհեմ մեղրամիսը Թուրքիոյ հետ վերածուեցաւ անվերջ մղձաւանջի` կործանելով իր երկիրը: Յաջորդ պետութեան ղեկավարը, որ Թուրքիոյ բռնակալին հետ նոյն ճանապարհով չգնաց, Եգիպտոսի նախագահ Սիսին էր: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն դեռ լիարժէք չէ իւրացուցած իր դասը` Թուրքիոյ հետ վարելով շփոթ յառաջացնող սիրոյ եւ ատելութեան յարաբերութիւններ: Էրտողանը գրեթէ յաջողեցաւ մոլորեցնել նաեւ Հայաստանի ղեկավարները` հայ-թրքական խաբուսիկ արձանագրութիւններով: Ճակատագրի հեգնանքով, Հայաստանի շահերը պաշտպանեց ոչ այլ ոք, քան Էրտողանի կրտսեր գործընկերը` Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ իր յամառ շահադիտական առարկութիւններով տապալեց գործարքը:

Վլատիմիր Փութինը ամենավերջին ղեկավարն էր, որ բացայայտեց Էրտողանի դիւային բնոյթը` ռազմական օդանաւն ու երկու ռուս օդաչուները կորսնցնելէն ետք, որոնք յարձակման ենթարկուեցան թուրքերու կողմէ Թուրքիոյ օդային տարածքը 17 երկվայրկեանով խախտելու պատրուակով…

Այս ողբերգական միջադէպէն անմիջապէս ետք Ռուսիոյ կառավարութիւնը ձեռնարկեց շարք մը հակադարձ միջոցներ, որոնք կրնան կործանարար ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ.

– Արգիլուեցաւ թրքական ապրանքներու ներածումը: Առեւտուրի ծաւալը երկու երկիրներուն միջեւ վիթխարի է. անիկա կը կազմէ տարեկան 33 միլիառ տոլար, ուստի Ռուսիան Թուրքիոյ երկրորդ մեծագոյն առեւտրային գործընկերն է:

– Արգիլուեցաւ թուրք գործարարներու մուտքը Ռուսիա: Անցեալ շաբաթ անոնցմէ վաթսունը Մոսկուա ժամանելուն պէս ձերբակալեցին եւ ետ ուղարկեցին Թուրքիա:

– Դադրեցուեցաւ  առանց այցեգիրի Թուրքիոյ քաղաքացիներու մուտքը Ռուսիա, 2016 թ. յունուար 1-էն:

– Արգիլուեցաւ նոր թուրք աշխատողներ վարձելը (ներկայիս 200 հազար թուրք իրենց ընտանիքներով կ’ապրին Ռուսիոյ մէջ), եւ չեղեալ համարուեցան բազմամիլիառանոց շինարարական պայմանագիրները` թրքական ընկերութիւններու հետ:

– Հրահանգուեցաւ ռուսական ճամբորդական գործակալութիւններուն` զբօսաշրջիկներ չուղարկել Թուրքիա` այդ երկիրը զրկելով միլիառաւոր տոլարներու եկամուտէն: Քանի որ միայն անցեալ տարի 4,5 միլիոն ռուս այցելած է Թուրքիա, ուստի Ռուսիան երկրորդ մեծագոյն աղբիւրն է օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու թիւով:

– Աւելի բարձր մաքսատուրքեր սահմանուեցան Թուրքիայէն ներածուող եւ այնտեղ արտահանուող ապրանքներու վրայ:

– Քննարկման փուլին է երեք մեծ ծրագիրներու չեղեալ համարելը.

1) Բնական կազի վաճառքը Թուրքիային. Ռուսիան կը բաւարարէ այդ երկրի կարիքներու կէսէն  աւելին,

2) Թուրքիոյ աւելի քան 22 միլիառ տոլար արժողութեամբ առաջին հիւլէական կայանի կառուցումը,

3) Ռուսասիայէն դէպի Թուրքիա ձգուող միլիառաւոր տոլարներու արժողութեամբ կազատարի կառուցումը:

Նախագահ Փութինի կողմէն նաեւ շարք մը ռազմական քայլեր ձեռնարկուեցան` ռուսական օդանաւի պատահարի առնչութեամբ.

– Ընդլայնուեցաւ ռուսական ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ` ցամաքի, օդի եւ Միջերկրականի ծովափին:

– Ռմբակոծուեցան թրքամէտ ահաբեկչական խումբերը այն տարածքի մէջ, ուր խոցուած էր ռուսական կործանիչը եւ սպաննուած էին երկու ռուս օդաչուները:

– Ոչնչացուեցան հարիւրաւոր թրքական բեռնատարներ, որոնց մէկ մասը զէնք կը տեղափոխէր Սուրիոյ ապստամբներուն, իսկ միւսները մաքսանենգ ճանապարհով  ԻՊ-էն քարիւղ կը բերէին դէպի Թուրքիա:

Ռուսիան մօտ ապագային կրնայ յաւելեալ ռազմական միջոցներ ձեռնարկել Թուրքիոյ դէմ.

– Զինել քիւրտ զինեալները` Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ:

– Խոցել Սուրիոյ կամ Հայաստանի օդային տարածքները խախտած թրքական օդանաւերը եւ ուղղաթիռները` նկատի առնելով նախապէս տեղի ունեցած նման խախտումները:

Դիւանագիտական ճակատին.

– Անցեալ շաբաթ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրովը չեղեալ յայտարարեց իր նախապէս ծրագրուած այցը Թուրքիա:

– Փութինը հրաժարեցաւ Էրտողանի հետ հեռաձայնային զրոյցէն եւ մերժեց անոր հետ հանդիպման խնդրանքը` Փարիզի մէջ իրենց այցելութեան ընթացքին:

– Ռուսիոյ նախագահը չեղեալ յայտարարեց իր ծրագրած հանդիպումը Էրտողանի հետ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ դեկտեմբեր 15-ի կայանալիք վեհաժողովին:

– Ռուսական Տումայի մէջ քննարկման ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը, որով կը նախատեսուի 300-500 հազար ռուբլիի չափով տուգանք կամ երեքէն հինգ տարի ժամկէտով ազատազրկում:

– Որոշ ռուս քաղաքագէտներ նոյնիսկ կոչ ըրին ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը թրքական բռնագրաւումէն  եւ հաստատել ազատ Քիւրտիստան` Տիարպեքիր մայրաքաղաքով…

Կը թուի, որ նախագահ Փութինը հեշտութեամբ չի նահանջեր` ռուսական օդանաւի վրայ  թրքական դաւաճանական յարձակումէն ետք: Ան պարտաւոր է աշխարհին ցոյց տալ, որ երբեք թոյլ չի տար, որ ոեւէ մէկը անպատիժ յարձակի ռուսերու վրայ: Փութինը թրքական գործողութիւնը բնութագրեց իբրեւ «հարուած թիկունքէն` ահաբեկիչներու մեղսակիցներու կողմէ» եւ խստօրէն զգուշացուց «լուրջ հետեւանքներէ»:

Վերջապէս, այս անգամ մեծ պատառը մնաց Էրտողանի կոկորդին… Ան յիմարաբար առճակատման գնաց հիւլէական տէրութեան ղեկավարի մը հետ, որ վճռականօրէն տրամադրուած է լաւ դաս մը տալու ամբարտաւան թուրք նախագահին, որ դեռ երկար պիտի մնայ իր յիշողութեան մէջ:

Եթէ իսկապէս Էրտողանը յոյսեր կը փայփայէ, որ ՕԹԱՆ-ն պիտի պաշտպանէ իր արկածախնդրութիւնը, ապա չարաչար կը սխալի: Ան չի կրնար ռուսական օդանաւի խոցումը խեղաթիւրուած ներկայացնել իբրեւ յարձակում Թուրքիոյ վրայ, իսկ այնուհետեւ` թաքնուիլ ՕԹԱՆ-ի փէշին տակ…

Ցաւօք, Թուրքիան լուրջ գլխացաւանք դարձած  է ՕԹԱՆ-ի համար: Թուրքիոյ նախագահին անպատասխանատու պահուածքը քիչ մը տարածքային խախտման առիթով` կը սպառնայ  ՕԹԱՆ-ի բոլոր անդամները ներքաշել աւելի մեծ հակամարտութեան մէջ:

ՕԹԱՆ-ը պէտք է լրջօրէն մտածէ, թէ որքա՛ն խոհեմ է անդամակցութիւնը ահաբեկչական երկրի մը, որ կրնայ դարձեալ միջազգային լուրջ միջադէպ հրահրել` յղի հեռուն գացող հետեւանքներով, ամբողջ աշխարհի համար…

Թարգմանութիւնը`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը