Հայաստանի Ներկայ Ընդհանուր Վիճակը Դիտուած Շրջանային Եւ Մեծապետական Աշխարհաքաղաքական Իրականութեան Լոյսին Տակ

ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

ԱԶԱՏ ԲԵՄ

Պրն. Փանոս Թիթիզեանի այս յօդուածը կը հրատարակենք՝ նկատի ունենալով ազգային կեանքի մէջ իր ունեցած տարիներու վաստակը: Յայտնի է, թէ այս նիւթը վերջին շրջանին բազմաթիւ անգամներ արծարծուեցաւ մամուլի մէջ, սկսելով այս մասին լայն գնահատանքի արժանացած մեր ծանօթ խմբագրականէն: Վստահաբար տակաւին ան պիտի արծարծուի անհատական տարբեր մեկնաբանութիւններով, նկատի ունենալով նիւթին այժմէականութիւնը:

ԽՄԲ.

Ծանօթ. – Ասիկա առաջինն է երկու բաժինով յօդուածաշարքի մը, ուր պիտի ջանանք լուսարձակի տակ առնել Հարաւային Կովկասի եւ աւելի անդին տեղի ունեցող դէպքեր, իրողութիւններ ու նորանոր աշխարհաքաղաքական զարգացումները, յուսալով, որ այդ բոլորին մասին յստակ տեղեկութիւններ ունենալը կրնայ որոշ չափով լուսաբանել մեր հանրային կարծիքը: Առնուազն խթանել մտածողութիւնը ոմանց մօտ, աւելի աննախապաշար մօտեցում ցուցաբերելու մեր ժողովուրդը եւ հայրենիքը ներկայիս տագնապեցնող վտանգներուն եւ հիմնահարցերուն նկատմամբ:  Երկրորդ յօդուածով աւելի խորքային եւ վերլուծական կերպով պիտի անդրադառնանք ներկայ յօդուածին մէջ ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուած խնդիրներուն:

 

Բոլորին ծանօթ իրողութիւն է որ ներկայիս Հայաստան ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ իր գոյութեան պայքարն է որ կը մղէ հանգրուանի մը, երբ Ազրպէյճան կայծակնային արագութեամբ, մէկ օրուան պատերազմի ընթացքին, վերջ դրած էր Արցախի անկախ հանրապետութեան ու սարսափահար հայ բնակչութիւնը դէպի Հայաստան բռնագաղթի՝Ցեղային Զտման, այսպէս կոչուած Ethnic Cleansing -ի ենթարկած:

Միւս կողմէ, երկրին ներքին վիճակը մատնուած է պառակտումի, ցոյցերու, քաղաքացիական անհնազանդութեան քայլերու եւ բեւեռացման, շատ անախորժ ու անապահով վիճակ մը ստեղծելով, եւ ասիկա, այնպիսի հանգրուանի մը, ուր երկրին գոյութիւնը կրնայ խնդրոյ առարկայ դառնալ:

Ահա այս անկիւնադարձային, խիստ վտանգաւոր ու անակնկալօրէն նոր պայթումներու ատակ անախորժ կացութիւնն է, որ մեզ կը մղէ սոյն յօդուածը գրելու:  Գիտակից եմ, որ ներկայ ժխորին մէջ, երբ այլազան անձերէ ու հատուածներէ, վերէն վար, պատգամներ ու յայտարարութիւններ կ’արձակուին, մեր ըսելիք խօսքերը կրնան զոհ դառնալ տիրող խառնիճաղանճ դրութեան:  Հակառակ այս բոլորին, յանձն կ’առնենք ժողովրդավարական ոգիով, մեր կարծիքը յայտնել, յենելով յստակ եւ առարկայական տուեալներու վրայ:

Կարկինը լայն բանալով, պիտի ջանանք լուսարձակի տակ առնել Հարաւային Կովկասի եւ աւելի անդին տեղի ունեցող դէպքեր, իրողութիւններ ու նորանոր աշխարհաքաղաքական զարգացումները, յուսալով, որ այդ բոլորին մասին յստակ տեղեկութիւններ ունենալը կրնայ որոշ չափով լուսաբանել մեր հանրային կարծիքը:  Առնուազն խթանել մտածողութիւնը ոմանց մօտ, աւելի աննախապաշար մօտեցում ցուցաբերելու մեր ժողովուրդը ու հայրենիքը ներկայիս տագնապեցնող վտանգներուն եւ հիմնահարցերուն նկատմամբ:

Ամէն բանէ առաջ կարեւորութեամբ ընդգծենք այն իրողութիւնը թէ այսօրուան Հարաւային Կովկասը այլեւս դադրած է Խորհրդային Միութեան աննշան ծայրագաւառը ըլլալէ:  Ան, այսօր կիզակէտը դարձած է Եւրասիոյ միջեւ առեւտրական, փոխադրական ու աշխարհաքաղաքական առումով:   Քանզի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, Լեռնային Ղարաբաղի (Nagorno Karabakh),  2020ի Սեպտեմբերին տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմը, հիմնական յեղաշրջում մը յառաջացուց տարածաշրջանին մէջ:  Ուժերու հաւասարակշռութեան տեղաշարժ մը, այսպէս կոչուած Power Balance Shift մը:

Այդ փոփոխութեան հետեւանքով, Ռուսիան իր բացարձակ գերակշռութիւնը կորսնցուցած է Հարաւային Կովկասի տարածքին, հակառակ այն իրողութեան, որ 2000-ի հասնող խաղաղապահ զօրակազմ ուղարկած էր Լեռնային Ղարաբաղ:  Փաստերը այն ցոյց կու տան, թէ Մոսկուան աւելի սիրաշահելու համար Ազրպէյճանը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէն հեռու պահելու համար OSCE Minsk Group-ը, իր համաձայնութիւնը տուած էր Պաքուին որ վերատիրանար Ղարաբաղին, ներառեալ Շուշին:  Արցախը փրկելով, Մոսկուան որոշ չափով իր վարկը փրկած կ’ըլլար:

Թուրքիա եւ Ռուսիա թէ սերտ գործակիցներ եւ թէ աշխարհաքաղաքական առումով  հակառակորդներ են: Արդարեւ, դիւանագիտութիւնը բարձր մակարդակի վրայ կրնայ բաժանելի ըլլալ:  Politics on high level is divisible:  Ասիկա ընդունուած իրողութիւն մըն է:

Պաքուն իր քաղաքական ու ռազմական հաշուարկումներով, Թուրքիոյ եւ գուցէ Իսրայէլի իշխանութեանց խորհուրդով, 2023-ի Սեպտեմբերին, Գորթեան Հանգոյցի պէս, միակողմանի զինուորական ուժով, մէկ օրուան մէջ «լուծեց» Լեռնային Ղարաբաղի թնճուկը:  Ռուս խաղաղապահ ուժերը անտարբեր մնացին կատարուած իրողութեան առջեւ:  Միւս կողմէ միջազգային հանրային կարծիքն ալ, փաստօրէն, չէզոք դիրք բռնեց, մինչ արեւմտեան լրատուական միջոցները, շաքարածածկ արտայայտութիւններով, որոշ համակրանք ցուցաբերեցին հայութեան հանդէպ: Սակայն կարծր իրողութիւնը այն էր, թէ ի նպաստ հայութեան ոչ մէկ միջամտութիւն տեղի պիտի ունենար:

Վերոյիշեալ աշխարհաքաղաքական արագ տեղի ունեցող յեղաշրջումներուն վրայ կու գար բարդուելու Ռուսիոյ ներխուժումը Ուքրանիա, 2022-ի Փետրուարին, որ ի միջի այլոց, ծանրօրէն պիտի ցնցէր Հարաւային Կովկասը եւ երկար հասողութեամբ (long term) անդրադարձ պիտի ունենար Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի վրայ:  Հարաւային Կովկասը հանդէս պիտի գար որպէս խիստ կարեւոր տարածաշրջան մը Եւրո-Ասիական ապահովութեան առումով:

Մոսկուան կը նկատէր, որ Հարաւային Կովկասի տարածքի ուժերու խախտած հաւասարակշռութեան մէջ, Հայաստան եւ Ազրպէյճան դէպի Արեւմուտք կը յարէին, ուստի հարկ էր Մոսկուայի համար, Վրաստանը ներքաշել իր ազդեցութեան գօտիին մէջ:  Ներկայիս Վրաստանը խառնակ վիճակի մէջ է:  Կառավարութիւնը կողմնորոշուած է Ռուսիոյ ի նպաստ, մինչ երկրի նախագահուհին եւ ընդդիմութիւնը՝ դէպի Եւրոպական Միութիւն:  Իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ Ռուսիոյ կողմնակիցները պիտի շահին:  Բայց վերջին խօսքը ըսուած չէ տակաւին:

Հայաստանի պարագային, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ղարաբաղեան 44-օրեայ պատերազմէն սկսեալ, այն դասը քաղեր էր, որ Հայաստանը ռազմավարական մեծ սխալ մը գործած էր իր ապահովութեան ու հողային ամբողջականութեան առումով, այսպէս կոչուած, բոլոր հաւկիթները մէկ կողովի մէջ դնելով:  Հարկ էր, հնարաւոր չափով, diversify  ընել զայն:  Վարչապետ Փաշինեան, այդ շրջանէն սկսեալ, սկսած էր բացայայտօրէն մերձեցում ցոյց տալ դէպի Եւրոպական Միութիւն, հեռանալով Մոսկուայէն: Վերջինս բուռն կերով պիտի հակազդէր Հայաստանի իշխանութեանց վարած արտաքին նոր քաղաքականութեան դէմ:

Անգլիական ազդեցիկ շաբաթաթերթը՝ The Economist, իր Դեկտեմբեր 2023-ի թիւին մէջ մտահոգիչ յօդուած մը հրատարակած էր, որուն խորագիրն էր՝ «Poking the Bear – Armenia is Turning against Russia»:  Միեւնոյն յօդուածին մէջ կ’երեւէր նաեւ սպառնական ու ազդարարական հետեւեալ յայտարարութիւնը, ռուսական բարձր մակարդակի աղբիւրներու կողմէ. «Վարչապետ Փաշինեան կը հետեւի Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքիի քայլերուն:» այսինքն արեւմտեան ազդեցութեան գօտիին մէջ կը ներգրաւուի:

Ռուսական վերոյիշեալ ազդարարութիւնները մեծապէս կը վնասեն Հայաստանի կենսական շահերուն:   Ակնյայտ է թէ  հակառուս ծայրայեղ զգացումները լայն գետին գտած են Հայաստանի մէջ, տրուած ըլլալով որ Մոսկուան մեզ լքեց որպէս դաշնակից, հակառակ մեր օգնութեան կոչերուն:  Սակայն չմոռնանք որ նոյնիսկ ներկայ պայմաններուն տակ մեծ չափով Ռուսիոյ հետ են առեւտրական մեր շահերը:  Ան է որ աւելի աժան գինով բնական կազ եւ քարիւղ կու տայ Հայաստանին:  Առեւտուրը բացարձակ տոկոսով իրեն հետն է:  Միլիոնաւոր հայեր Ռուսիա հաստատուած են եւ Հայաստան նիւթական (remittance) օգնութիւն կը ղրկեն իրենց հարազատներուն:  Տակաւին ռուս զինուորներն են որ կը հսկեն Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան սահմանային գօտիները:

Վերոյիշեալ մտահոգութիւններէն առաջնորդուած կրնանք ըսել որ եթէ մէկ կողմէ նպաստաւոր է մեր ամէն տեսակի յարաբերութիւնները աւելի տարածելը (diversify) Արեւմուտքի հետ, միւս կողմէ, սակայն, հեռու պէտք է մնալ ծայրայեղութիւններէ: Խիստ կարեւոր է մեր երկրին շահերուն համար չափաւորելը ու կարելի չափով բնականոն յարաբերութիւններ պահելը Ռուսաստանի հետ:

Շատ կարեւոր է նաեւ մտահան չընել այն իրողութիւնը թէ Ամերիկան ու NATO-ն չեն կրնար Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորել, բայց կրնան օգտակար հանդիսանալ: Ամերիկան, փաստօրէն, կը հետապնդէ աւելի զգուշաւոր  մարտավարութիւն մը, որ կը նկատէ իր եւ Հայաստանի շահերուն համապատասխան: Ամերիկեան եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներ, առաւելաբար Ֆրանսան, Գերմանիան եւ առաւել ըլլալով Գանատան, կրնան մեծապէս նպաստել ինքնապաշտպանութեան զօրացումին: Անոնք միեւնոյն ատեն Հայաստանի ղեկավարութեան կը թելադրեն զգուշաւոր կեցուածք որդեգրել:

Չմոռնանք նաեւ, առանց մտնելու մանրամասնութեանց մէջ, որ Իրանն ու Հնդկաստանը ներկայիս կը նպաստեն Հայաստանին, ռազմական եւ տնտեսական տեսակէտով: Հայաստան ունի նաեւ հսկայ առաւելութիւն մը: Ան տուեալները ունի դառնալու աշխարհի ճարտարագիտական (technology) կարեւոր կեդրոններէն մին՝ Հարաւային Կովկասի Silicon Valley-ն:

Չմոռնանք Կազայի պատերազմը:  Մենք շատ մը դասեր ունինք քաղելիք ատկէ:  Ամէն բանէ առաջ, զգուշաւոր, չափաւոր ու սահման (limit) որդեգրող արտաքին քաղաքականութիւն մը:  Շատ դժուար է բոլորովին դուրս գալ ռուսական ծիրէն:  Հակառակ այն իրողութեան որ Մոսկուան շատ զբաղած է Ուքրանիոյ պատերազմով, եւ հակառակ Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն (sanctions), ան տակաւին ի վիճակի է Հայաստանին աղետալի գին վճարել տալու եթէ Հայաստան փորձէ ինքզինք բոլորովին հեռացնել իրմէ եւ ներգրաւուիլ արեւմտեան ազդեցութեան ծիրին մէջ:  Այնպէս կը թուի թէ Հայաստանի իշխանութիւնները անդրադարձած են այդ իրողութեան:  Ինչպէս վերեւ մատնանշեցինք, Ամերիկան եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները ըստ երեւոյթին իրենք ալ թելադրած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին վարել աւելի զգոյշ եւ չափաւոր քաղաքականութիւն:

Վերոյիշեալ մեր պարզած իրողութիւններէն մեկնելով, կը խորհինք թէ Հարաւային Կովկասը դարձած է աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական կարեւոր կիզակէտ: Ներկայ քաղաքական զարգացումները Հայաստանն ու Վրաստանը դրած են նոր վտանգներու առջեւ:  Մեծապետական եւ շրջանային կարգ մը երկիրներ, տենդագին, կը ջանան իրենց տնտեսական եւ քաղաքական ազդեցութիւնը զօրացնել Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած նոր տարածաշրջանին մէջ:

Իրերու այս կացութեան մէջ ի՞նչ է Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ պարզուած իրավիճակը:  Ցաւալի է որ ներկայիս խառնաշփոթ, այլամերժ ու բեւեռացուած կացութեան մէջ կը գտնուի երկիրը, աւելի անկայուն դարձնելով զայն, աւելի առիթ ընծայելով մեր հակառակորդ Ազրպէյճանին, որ ջանայ օգտուիլ Հայաստանի մէջ տիրող վիճակէն:  Այսինքն, նորանոր զիջումներ պարտադրելու համար ի վնաս Հայաստանի հողային ամբողջականութեան:

Ներկայիս, ինչպէս կը նկատէք, որպէս ընդդիմադիր Ճակատ հրապարակ իջած են նախկին պետական թէ քաղաքական դէմքեր, կուսակցութիւններ, հոգեւորականներ եւայլն, ունենալով մէկ հասարակաց նպատակ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պաշտօնանկ ընել, զայն փոխարինելու համար Բագրատ Արք. Գալստանեանով:   Հոս, լայն շունչ մը առնելով հարց տանք:

Այսօր, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազգային  Ժողովը, որոնք ընտրուած են ժողովրդային քուէարկութեամբ, կ’աշխատին յաղթական Ազրպէյճանին հետ խաղաղութեան ելք մը գտնել, տիալոկով, բնականաբար նուազագոյն զիջումներ ընելով հզօր թշնամիին, մանաւանդ որ, ինչպէս տեսանք, մեր տկար երկրին կռնակ կեցող մեծապետական ուժ մը չկայ:  Ներկայ կառավարութեան ընդդիմադիր հոսանքը, Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը վար առնելէ ետք, ինչպիսի՞ արտաքին քաղաքականութիւն պիտի վարէ, այսպէս կոչուած Նոր Վարչակարգը, ի՞նչ ուժի յենելով:  Մենք նման ծրագիր ցարդ չտեսանք:   Այլընտրանք չհրամցուեցաւ մեր հանրային կարծիքին:

Մենք կը ջանանք մեր քննարկումներուն մէջ ըլլալ առարկայական ու աննախապաշար:  Աւելցնենք նաեւ, որ մենք ջատագովը չենք Վարչապետ Փաշինեանի գործելաոճին ու մտածելակերպին:  Ան իր առած քայլերուն մէջ գրեթէ առանձին կը շարժի, կռթնած իրեն համախոհ անձերու խմբակի մը, հարցերը Ազգային Ժողովին ներկայացնելէ առաջ: Նման գործելակերպը ժողովրդավարական սկզբունքներու չի համապատասխաներ:  Միւս կողմէ, մենք ըմբռնումով կը վերաբերինք առնուող այն քայլերուն, որոնք իրատեսօրէն կ’առնուին, մեկնելով de facto առկայ եղող իրականութենէն:

Որոշ զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը վերաբերինք նաեւ ներկայիս մեր երկրի մռայլ հորիզոնին վրայ ուրուագծուող շարք մը երեւոյթներու: Այսօր Երեւանն ու Պաքուն երեւութապէս ընտրած են ուղին՝ տիալոկով լուծելու երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անլոյծ հիմնահարցերը, մեկնելով, այսպէս կոչուած Alma Ata Protocol-էն:  Համաձայն այդ հռչակագրին, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պաշտօնապէս ճանչցած են երկու երկիրներուն գերիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը որ գոյութիւն ունէր Խորհրդային Միութեան լուծարման պահուն: Այս հռչակագիրը հաստատագիր մըն է Հայաստանի հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան:

Երբ սկիզբ առած էր սահմանազատումի եւ սահմանագծումի գործընթացը, Պաքուն պայման դրած էր Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Տաւուշի շրջանի ազերի չորս գիւղերու վերադարձը Ազրպէյճանին:  Վարչապետ Փաշինեան ընդունած էր այդ առաջարկը, որ մեծ աղմուկ պիտի յարուցանէր երկրին ընդդիմադիր հոսանքին մօտ, արդարօրէն այն պատճառաբանութեամբ, թէ ինչու՞ զուգահեռաբար ազերիները չէին հեռանար իրենց կողմէ բռնագրաւուած Հայաստանի հողերէն:  Փաշինեան կը պատճառաբանէր, թէ որպէս պարտուած կողմ, ուրիշ ընտրանք չունէր:  Ան մտավախութիւնը ունէր, որ ազերիները հողային ամբողջականութեան պատճառաբանութիւններ օգտագործելով կրնային նոր բախումներու դուռ բանալ:  Հիմնականին մէջ այդքան ալ կարեւոր չէր այդ հարցը, քանի Պաքուն սկզբունքով ընդունած էր երկկողմանի կերպով լքել գրաւեալ հողերը:

Ի դէպ, Ամերիկայի Պետական Քարտուղար Պլինքըն, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Կութիէրաս, եւ եւրոպական թէ միջազգային այլ կողմեր, ողջոյնի եւ քաջալերական խօսքերով հանդէս եկան, ի տես Պաքու-Երեւան յայտարարուած հաշտութեան գործընթացին:  Նշենք, որ Ազրպէյճանի համար որպէս այլ ընտրանքային  կարելիութիւն, Իրան համաձայնութիւն յայտնած է, որ Ազրպէյճանը Նախիջեւանին միացնող միջանցքը Իրանի հողերէն եւ ոչ թէ Սիւնիքէն անցնի:

Ահա մօտաւոր պատկերը մեր երկրին դիմագրաւած իրադրութեան: Մեզի կը մնայ հանդարտ, շրջահայեաց եւ ազգային միակամ ոգիով դիմագրաւել համաշխարհային եւ տարածաշրջանային յառաջիկայ զարգացումները, բայց մանաւանդ, վերջ տալ նեղ նկատառումներէ մղուող եւ ոչ բովանդակային մօտեցումներով կողմնորոշուող մեր ներքին վերիվայրումները, որոնք կրնան միայն վնասել մեր գոյութեան եւ ապահովութեան:

 

Կլէնտէյլ, 25 Յունիս 2024