Միացեալ Նահանգները Հայաստանը կը ստիպէ միջանցք տրամադրել Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ։ Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է քաղաքագէտ Ստեփան Դանիէլեան՝ անդրադառնալով ԱՄՆ-ի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Մեթիու Միլլերի այն յայտարարութեան, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւնը կարելի է, բայց ատիկա երկու կողմէն կը պահանջէ բարդ ընտրութիւններ եւ բարդ փոխզիջումներ կատարել:
Հարցումին, թէ հայկական կողմն արդէն բաւականաչափ զիջումներ կատարած է, ի՞նչ նոր ու բարդ փոխզիջումներ կը սպասուին, կամ ատրպէյճանական կողմը ի՞նչ պէտք է զիջի, Դանիէլեան ըսած է.
«Միացեալ Նահանգներ Հայաստանը կը ստիպէ միջանցք տրամադրել Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ: Արցախի մնացած մասը ինչո՞ւ յանձնուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ իրենք կ’ըսէին, որ ռուսական վերահսկողութեան Մեղրիի միջանցք չեն տար, համաձայն չեն եւ անոր համար Լաչինը փակուեցաւ, այս պատճառով 2023-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ»:
Դանիէլեանի խօսքով՝ հիմա կը պահանջեն միջանցքը յանձնել միջազգային, ըստ էութեան, ամերիկեան վերահսկողութեան:
«Արդիւնքը եղաւ այն, որ Արցախը զոհաբերուեցաւ, որ ռուսական վերահսկողութիւն չըլլայ Մեղրիի մէջ: Հիմա այդ միջանցքը արդէն այլ երկրի կամ այլ կազմակերպութիւններու են, որոնք այլ երկիրներ կը ներկայացնեն: Բնականաբար, համապատասխան հարցեր կը յառաջանան, անոր համար Հայաստանէն զիջումներ են պէտք», յայտնած է քաղաքագէտը:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանէն պահանջուող զիջումը այն է, որ տարածքային նոր պահանջներ չներկայացնէ Հայաստանին, որուն Ատրպէյճան համաձայն չէ:
Այն հարցումին, թէ միջանցքի տրամադրման կ’ուղղուի՞ն Հայաստանի իշխանութիւնները, ան պատասխանած է. «Անոնք արդէն ինչ-որ ձեւով համաձայնած են, ուղղակի ձեւակերպումներ կ’որոնեն, թէ ինչպէ՛ս ներկայացնեն այդ իրողութիւնը Հայաստանի հանրութեան»:
Ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան պայմանագիրին, Դանիէլեան ըսաւ, որ եթէ նոյնիսկ ստորագրուի ալ այդ փաստաթուղթը, խաղաղութիւն պիտի չհաստատուի:
«Խաղաղութիւն կրնայ ըլլալ այն պարագային, եթէ 6 երկիր՝ Կովկասի երեք երկիրներ եւ Իրան, Ռուսիա ու Թուրքիա հասնին որոշակի միասնական համաձայնութեան Հարաւային Կովկասի ապագային մասին, իսկ Արեւմուտքը չխոչընդոտէ։ Ատիկա միակ տարբերակն է», յստակացուցած է քաղաքագէտը: