«Արցախի տարածքին թողած ենք 6 հազարէ աւելի պատմամշակութային յուշարձաններ, որոնք այսօր ֆիզիքական ոչնչացման, նաեւ իսլամացման վտանգի տակ են», այս մասին ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց բողոքի շարժումի մասնակիցներէն Արմինէ Հայրապետեան:
«Ասիկա այն քաղաքականութիւնն է, որ Ատրպէյճան 1920-ականներէն կ’իրականացնէ ցեղային զտումներուն զուգընթաց: Հիմա, երբ Ատրպէյճան ցեղային զտումի ենթարկած է Արցախի տարածքը, հիմա ալ հայկական հետքի վերացման հարցը կը լուծէ: Ան կ’ոչնչացնէ հայկական հոգեւոր շինութիւնները, արդէն ունինք 3 եկեղեցի հիմնայատակ քանդուած՝ առաջինը Ջրականի Մեխակաւանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին էր, Բերձորի եկեղեցին եւ Շուշիի Յովհաննէս Մկրտիչի եկեղեցին է, որ ծանօթ է «Կանաչ ժամ» անունով: Եթէ առաջին երկուքի պարագային Ատրպէյճան կը յայտարարէր, որ անոնք նոր կառուցուած են, ապօրինի կառուցուած են իր տարածքին մէջ, Յովհաննէս Մկրտիչի եկեղեցին կառուցուած է 18-րդ դարուն: Զանգուածաբար կը վերացնեն գերեզմանոցներ, բնակավայրեր, օրինակ՝ Քարին Տակ գիւղը: Արցախի տարածքը կը կորսնցնէ իր հայկական շունչը», ըսաւ ան։