Տարիներ տեւած բանակցութիւններէն ետք Եւրոմիութիւնը անդամ բոլոր երկիրներու դեսպաններուն մակարդակով, ի վերջոյ հաստատած է Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ բանակցութիւններ սկսելու՝ Եւրոյանձնաժողովի առաջարկը:
Պրիւքսէլէն այս մասին փոխանցած են «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրները։
«Անդամ 27 երկիրներու հաւանութենէն ետք հարցը պիտի փոխանցուի Եւրոյանձնաժողովին, որն ալ պիտի յայտարարէ, թէ ճիշդ երբ կը սկսի բանակցութիւնները եւ գործողութիւններու ինչ ծրագիր կը դնէ Երեւանի առջեւ»,- բացատրած է «Ազատութիւն» ռատիօկայանի Եւրոպայի հարցերով խմբագիր Ռիքարտ Եոզվիաքը։
Այդ կը նշանակէ, որ պիտի ներկայացուին կատարուած քայլերուն մասին ամէնամեայ զեկոյցներ, որոնք պիտի շարունակուին քանի մը տարի։
«Որոշ երկիրներու, օրինակ՝ Մոլտովայի պարագային պահանջուեցաւ 3-էն 4 տարի, Վրաստանէն՝ 5, Ուքրանիայէն՝ 9։ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները 10 տարիէ աւելի է՝ տակաւին կը շարունակուին, այնպէս որ ամէն մէկ երկիր տարբեր կերպ կ’անցնի այդ ճանապարհը։ Սա գործընթացին սկիզբն է, որ աւարտին հասցնելու համար ժամանակ կը պահանջուի»,- ըսած է «Ազատութիւն» ռատիօկայանի Եւրոպայի հարցերով խմբագիրը։
Վիզաներու պահանջը պիտի հանուի անհրաժեշտ բոլոր չափանիշերու լիարժէք բաւարարման պարագային միայն։
Ըստ Եոզվիաքի, որպէս կանոն՝ Պրիւքսէլը կ’առաջադրէ չորս հիմնական պահանջ՝ սահմաններու կառավարումէն մինչեւ կազմակերպուած յանցաւորութեան ու փտածութեան դէմ պայքար․ հիմնականին մէջ խօսքը ներքին խնդիրներու մասին է՝ փաստաթուղթերու անվտանգութեան, սահմաններու, ապօրինի ներգաղթեալները ետ ընդունելու, բայց նաեւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան։
Սա հարիւրաւոր էջերէ բաղկացած ծաւալուն պահանջներու ցանկ մըն է, որ Հայաստանը պէտք է իրագործէ, եւ անոր համար տարիներ կը պահանջուին։