Մինչ դիւանագէտներ կը հանդիպին Ուաշինկթընի մէջ՝ ԱՄՆ միջնորդութեամբ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն համար, հայ բանտարկեալները կը հիւծին ատրպէյճանական բանտերուն մէջ. սա ակնյայտօրէն կը հակասէ խաղաղութեան որեւէ հռետորաբանութեան: Այս մասին նշուած է Free Armenian Prisoners-ի Դիմատետրի էջին վրայ:
«Մենք կը յորդորենք ԱՄՆ պետքարտուղար Անթընի Պլինքընը՝ հայ բանտարկեալները անյապաղօրէն ազատ արձակելու հարցը առաջնահերթութիւն դարձնել: Չի կրնար ճշմարիտ խաղաղութիւն ըլլալ, այնքան ատեն որ մարդիկ ապօրինի կալանաւորուած են տակաւին:
Մենք կոչ կ’ուղղենք ԱՄՆ Պետքարտուղարութեան ու ԵԱՀԿ-ի ԱՄՆ առաքելութեան՝ դիմելու որոշ գործողութիւններու եւ ոչ միայն խօսելու։ Տեւական խաղաղութիւնը կրնայ կառուցուիլ միմիայն արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու յարգանքի հիմքին վրայ», արձանագրուած է յայտարարութեան մէջ: