Շաբաթ, 22 Յունիս 2024-ին, Լոս Անճելըսի Ալթատինա քաղաքի «Վ. եւ Ն. Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնը հարստացաւ փառաւոր խաչքարով մը, որուն նուիրատուն էր Տիար Տին Շահինեան` մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն: Ան ջերմ պաշտպան է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթին եւ եկեղեցական ճարտարապետութեան: Հակառակ մրցանշային տաքին, բոլոր աթոռները գրաւուած էին:
Օրուան հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ ՀԲԸՄ-ի արի-արենոյշներու դրօշակի արարողութեամբ եւ ԱՄՆ-ի ու Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգներով: Հանդիսավարն էր ԹՄՄ Մեծն Լոս Անճելըսի վարչութեան անդամ եւ ԱՄՆ-ի ու Գանատայի ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան օգնական քարտուղար Պրն. Միհրան Թումաճան: Խաչքարի օծման արարողութիւնը կատարեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան` ընկերակցութեամբ քահանայ հայրերու: Խաչքարին հեղինակն է հռչակուած քանդակագործ Վարազդատ Համբարձումեան:
Խաչքարի նուիրատու Շահինեան նշած է թէ անիկա կը նուիրուի մայրական կողմէ իր մեծ հօր` Տ. Վահան (Մանուկ) Ճելալեանի, ծնած 1891թ. Արեւմտեան Հայաստանի Բալու քաղաքը, ապա ուսման նպատակով եկած է Միացեալ Նահանգներ: Ան կ’ուսանէր Ռոտ Այլընտի Պրաուն համալսարանը, բայց ուսումը կիսատ ձգելով միացած է Հայկական Կամաւորական գունդերուն` ազատագրելու համար Կիլիկիան` զաւթիչ ու ցեղասպան թուրքերէն:Կիլիկիոյ անարգ յանձնումէն ետք Մանուկ Ճելալեան կը պաշտօնավարէ ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս: 1936 թուականին քահանայ կը ձեռնադրուի Կիպրոսի մէջ, ապա կը վերադառնայ ԱՄՆ ու կը ծառայէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ որպէս հովիւ Տիթրոյթ, Փրավիտընս եւ Նիւ Ճըրզի:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հ.Հ. Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Կարէն Իսրայէլեան, իրեն կ’ընկերանային տիկինը` Աննա Իսրայէլեան եւ Գլխաւոր Խորհրդական Տիկ. Նազելի Համբարձումեան: Պրն. Կ. Իսրայէլեան ջերմապէս շնորհաւորելէ ետք Մեծն Լոս Անճելըսի ԹՄՄ-ը, շեշտեց խաչքարի հայրենասիրութիւն ներշնչող դերը յատկապէս երիտասարդ սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Նիւ Եորքի Արմոնք աւանի Ս. Ներսէս Ընծայարանի դասախօսուհի Դոկտ. Անի Շահինեան, որ ներկաները հրապուրեց Հայ քրիստոնէական մշակոյթի մասին ունեցած իր բացառիկ գիտելիքներով: Ան նոյնպէս շնորհաւորեց ԹՄՄ-ը եւ ներկայացուց առհասարակ խաչքարերու արժէքն ու նշանակութիւնը, «Հրաբխային մոխիրէ բաղկացած տուֆ ժայռը դարերու ընթացքին եղած է հայկական ճարտարապետութեան եւ խաչքարակերտման գլխաւոր նիւթը, որմէ կերտուած են մեր տաճարներն ու կոթողային բազմանշանակ խաչքարերը», ըսաւ ան եւ ապա մանրամասնօրէն վերլուծեց օծուած խաչքարին առանձնայատկութիւնները:
Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս» տողերը կը ներկայացնեն հիմնական պատգամը այս խաչքարին, որուն կեդրոնական պատկերն է քրիստոնէութեան խորհրդանիշ ԽԱՉԸ, Խոր Վիրապի քանդակը` Մասիսներու խորքի վրայ, շրջապատուած հրեշտակներով, նուռերով, որպէս բազմացման խորհրդանիշ, թռչուններով եւ որթատունկերով, որոնք կը խորհրդանշեն աշխարստեղծումը Աստուծոյ կողմէ: Հայոց այբուբենը նոյնպէս տեղադրուած է հոս` ի յաւելումն յաւերժութեան խորհրդանշանի: Խաչը շրջապատուած է նաեւ Տիրոջ եւ Քրիստոսի անուններու յապաւումներով, ինչպէս առհասարակ ընդունուած է խաչքարի կերտման եւ ձեռագիրներու ծաղկման (զարդանկար) արուեստին մէջ:
Խաչքարի բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Քալիֆորնիա նահանգի Գերագոյն Դատարանի դատաւոր Միքայէլ Ամիրեանը, նմանապէս ներկայ էին ՌԱԿ, ՀԲԸՄ-ի Կլենտէյլ-Փասատինայի Մարզական յանձնախումբի, ԱՄՆ-ի, Հայկական Համագումարի, Հայ Դատի, Համազգայինի, Վարդանանց Ասպետներու, Նոր Սերունդի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանի, ԹՄՄ-ի բոլոր վարչութիւններու եւ «Բեմ» թատերական խումբի ու վերջապէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարանի ներկայացուցիչները:
Հանդիսավար Մ. Թումաճան ներկայացուց հանդիսութեան պատուոյ հիւր, «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանակիր Դոկտ. Մինաս Գոճայեանը` ըսելով որ ան առաջին մէկ օրէն անվերապահ աջակցութիւն ցոյց տուած է ԹՄՄ-ին Մեծն Լոս Անճելըսի վարչութեան` վերջինիս 2018-ի կազմաւորումէն ետք: Ան ներկայացուեցաւ որպէս տիպար ուսուցիչ եւ դաստիարակ, որուն աշակերտ-աշակերտուհիներէն ոմանք ներկայ են եւ վերցուցած են ազգային-մշակութային պարտականութիւններ ոչ միայն ԱՄՆ-ի տարածքին այլեւ Կիպրոսէն Երեւան, Երուսաղէմէն Գանատա:
Դոկտ. Մ. Գոճայեան իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ անդրադարձաւ օծուած խաչքարի եւ ընդհանրապէս խաչքարերու յաւերժութեան նշանին մասին: «Այս խորհրդանշանը հազարաւոր տարիներ ընկերացած է հայ ժողովուրդին` ոգեւորելով եւ յոյս տալով մեր մարտնչող ազգի զաւակներուն», ապա յատուկ կերպով շեշտեց այն իրականութիւնը, որ ներկայիս վարչութիւնը գերազանցապէս բաղկացած է երկսեռ երիտասարդներէ, որոնք վառ կը պահեն ԹՄՄ-ի ջահը:
Անուրանալի է վարչութեան անկոտրում նուիրեալ Գարլ Պարտագեանի անանձնական համակ նուիրումը, որով ան կրցաւ յաջողութեամբ գլուխ հանել խաչքարի ծրագիրը: Հանդիսավար Մ. Թումաճան յատուկ կերպով շեշտեց Գարլի մատուցած ծառայութիւնները ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի պասքեթպոլի խումբերը մարզելու ծրագիրներուն մէջ` մեր խումբերը պատրաստելով համահայկական եւ միջազգային մրցոյթներու: Հանդիսավարի խօսքերը ներկաներուն կողմէ արժանացան բուռն ծափահարութիւններու:
Գ. Պարտագեան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց խաչքարի կանգնեցման աշխատանքներուն մասնակցած նուիրեալ կամաւորներուն եւ իր խօսքը աւարտեց Աւարայրի ճակատամարտէն առաջ Վարդան Մամիկոնեանի արտասանած ճառէն` պատշաճեցնելով օրուան արարողութեան` «ո՛չ հուրը եւ ո՛չ ալ սուրը» պիտի արգիլէին Մեծն Լոս Անճելըսի ԹՄՄ վարչութեան ետ կենալու խաչքար կանգնեցնելու տեսիլքէն, եւ նշեց. «ասիկա Աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր ծրագիր մըն էր»:
Խաչքարի օծման հանդիսութեան աւարտին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան իր օրհնութիւնը փոխանցեց մեծայարգ նուիրատուին` Տին Շահինեանին, ԹՄՄ Մեծն Լոս Անճելըսի վարչութեան այս օրինակելի նախաձեռնութեան համար, որովհետեւ Սան Կապրիէլ (San Gabriel) հովիտի կարեւոր խաչմերուկի մը վրայ կանգնեցուած այս հայկական կոթողը տեսանելի ըլլալով հայերուն եւ օտարներուն` պիտի ունենայ դաստիարակիչ եւ կրթիչ դեր մը:
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ