Նիւթս կը պատրաստեմ այն պահուն, երբ Ատրպէյճան Հայաստանը կը հրաւիրէ շրջանային մեծ իմաստ ունեցող COP29 համաժողովին։
Ջերմուժի, ապագայի հնարաւորութիւններու եւ մէկ խօսքով «Կանաչ ջերմուժ»ի թեմաներուն յատկացուած եւ Պաքուի մէջ կայանալիք համաժողովը, որուն կայացման համար Պաքուն պէտք ունէր Հայաստանի համաձայնութեան, (կ’ենթադրեմ, որ նման ժողովի մը կայացման համար կազմակերպիչ երկրի որեւէ հարեւան երկրի «վեթօ»ն ծանրօրէն պիտի ազդէր այդ երկրի հեղինակութեան վրայ), բան մը որուն դիմաց պաշտօնական Երեւանը դրական արձագանգ ունեցաւ, յոյս ունենալով, որ այդ կերպ ալ ընթացք կ’առնէ երկու երկիրներուն ընդհանուր խաղաղութեան մը, համաձայնութեան մը հասնելու ընդհանուր փափաքն ու միտումը։
Պարզ չէ անշուշտ, որ Պաքու, ինչքանով տրամադիր պիտի ըլլայ իրական խաղաղութեան մը երթալու, մանաւանդ, որ յաճախ այդ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան բերնով զարմանալի եւ նոյնիսկ զարմանազան ու յաճախ ոչ տրամաբանական պահանջներ առաջ կը քաշուին։
Ու այստեղ, եթէ նոյնիսկ վաղ է ընդհանուր խաղաղութեան մը խօսիլը, հարկ է անպայման բազկերակային ուշադրութեան մը տակ պահել գալիք զարգացումները։
Անվտանգութեան հիմնահարց, սահմաններու ամրութիւն, արտագաղթի խնդիրներ, կայուն տնտեսութիւն, ամուր բանակ եւ այլ հիմնախնդիրներ կը շարունակեն էականօրէն «պաշարման» տակ պահել ծանր պատերազմէն պարտուած դուրս եկած Հայաստանը։ Կան այս հիմնահարցերը, բայց եւ այնպէս այս խնդիրներուն կից եւ կողքին կայ ու ամէնօրեայ դրութեամբ կ’աճի ուժանիւթի, ներուժի, ելեկտրական հոսանքի, կապերու, ջրային պաշարներու հիմնախնդիրները, որոնք նոյնքան կարեւոր ու կենսական են փոքրիկ Հայաստանին համար, ինչքան սահմաններու ամրութիւնը եւ հզօր բանակ մը ունենալու իրական տեսլականը։
Ու այս առումով Հայաստան պարտաւոր է հաշուի նստիլ այն կենսական հանգամանքներուն հետ, որոնք օղակ առ օղակ «կը կայմեն» եւ կը կազմեն ներուժի ընդհանուր ոլորտներն ու Հայաստանի ունեցած իրական խաղաքարտերը։
Ջուրի պակաս չունենալու բոլոր պատճառները ունեցող Հայաստանն այսօր ջրային ներուժի առընթեր ունի որոշակի եւ յաճախ անտրամաբանական ու անհասկնալի հիմնախնդիրը։ Զարմանալի թուայ թերեւս, որ մինչեւ այս պահը Հայաստանի հեռաւոր կամ սահմանային շրջաններ չունին ջուրի հաստատ մատակարարում, կամ նոյնիսկ չունին ըմպելի ջուր։
Սա ուղղակի ամօթ է երկրի մը համար, որ տարածաշրջանային առումով կը համարուի ամենահարուստը իր ջրային պաշարներով։
Նոյնը կարող ենք ըսել ելեկտրական հոսանքի, ցանցերու եւ ներուժի այլ ոլորտներու մասին, որոնք ինչ-ինչ պատճառներու բերումով չեն աճած ու մնացած են գաճաճ։
Ալ չեմ խօսիր այն շահագործումներուն մասին, որոնք մէկ խօսքով քանդած ու հիմնապէս «աւերակ» դարձուցած են ոլորտները, որուն պատճառով ալ (ընդունելի կամ անընդունելի ձեւաչափերով) հայրենի իրերայաջորդ կառավարութիւնները ստիպուած եղած են օտար տէրութեանց «վաճառել» այդ ներուժային կառոյցները։
Այս բոլորը կան, այս բոլորը այսօր առկայ են, բայց եւ այնպէս այս ոլորտները անմխիթար չեն համարուիր, այնքան ժամանակ, որ հայրենի երկրին ընթերքը լեցուն է ջուրի մեծ պաշարներով եւ անշուշտ աշխարհագրութեան բերումով Հայաստանի անառիկ դիրքով, բնութեամբ եւ բնական պաշարներով։
Այս ոլորտները, որոնք կերտիչ կը համարուին ցանկացած ինքզինք յարգող պետութեան համար, նոյնը պէտք է համարուին Հայաստանի համար, որ այս ոլորտներուն առընթեր ունի մեծ հարստութիւն մը, որ կը կոչուի «Մեծամօրի աթոմակայան»։
Ճիշդ է, որ «ծեր» է մեր աթոմակայանը, բայց կասկածէ վեր է, որ անոր վերանորոգումը, կամ հիմնապէս նոր կայանի մը կառուցումը բազում տեսանկիւններէ դիտուած շատ մեծ խնդիրներ պիտի լուծէ մեր երկրին համար։
Ի դէպ Հայաստանի ջերմուժային խնդիրներուն ու յատկապէս մեր երկրին ելեկտրական հոսանք հայթայթող հիմնական կառոյցին՝ «Մեծամօր»ի աթոմակայանին մասին օրերս ուշագրաւ նիւթ մը հրապարակած է գերմանական deutsche welle ռատիօկայանի կայքը։
Աղբիւրը, որ յայտնի է իր արժանահաւատութեամբ հանդիպումներ ունեցած է ոլորտի մասնագէտ եւ ղեկավար հայրենի պատասխանատուներու հետ եւ յանգած այն եզրակացութեան, որ մի քանի ազդեցիկ տէրութիւններ կերպով մը «մրցակցութեան» մէջ են, թէ ով պիտի ստանայ հիմնարար իրաւունք կառուցելու համար մեր երկրին համար այնքան կենսական նոր աթոմակայան։
Հաշուի առնելով նիւթին կարեւորութիւնը ստորեւ (արեւմտահայերէնի վերածելով) «ԱՊԱԳԱՅ»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ Deutsche Welle-ի պատրաստած հրապարակումը։
Աղբիւրը կը գրէ՝ «Հայաստանի մէջ նոր աթոմակայանի կառուցման նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են ԱՄՆ-ն, Ռուսիան, Հարաւային Քորէան եւ Չինաստանը. այս մասին DW-ի հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխնախարար Յակոբ Վարդանեանը, որ կը վերահսկէ ուժանիւթի ոլորտը։
DW-ն կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի աթոմակայանի շահագործման ժամկէտը հաշուարկուած է մինչեւ 2026 թուական, սակայն, ըստ նախնական գնահատականներու, կայանը կրնայ աշխատիլ մինչեւ 2039 թուականը։ Մինչ այս ՀՀ-ն պէտք է գործարկէ նոր կայան՝ ելեկտրական ուժանիւթի պակասէն խուսափելու համար:
«Հայաստանը դեռ չէ կողմնորոշուած նոր ելեկտրակայանի մոտելի հարցով. բանակցութիւններ կ’ընթանան այն երկիրներու հետ, որոնք արհեստագիտութիւններու հնարաւոր մատակարարներ են, եւ, ինչպէս կը պարզուի, ատոնք բաւականին քիչ են», – նշած է գործակալութիւնը։
Դեռ 2023 թուականի Յուլիսին ՀՀ կառավարութիւնը աշխատանքային խումբ ուղարկած է ԱՄՆ, որ ծանօթացած է ամերիկեան միջուկային արհեստագիտութիւններուն, փոքր մոտուլային հակազդակներուն եւ ատոնց մշակումներուն։ Փոքր մոտուլային հակազդակները, որոնք նաեւ յայտնի են որպէս «մինի աթոմակայաններ», աւելի քան մէկ տասնամեակ եղած են մասնագիտական եւ քաղաքական բանավէճի թեմա: Շատ փորձագէտներ զանոնք կը համարեն ապագայի խոստումնալից աթոմակայաններ։ Այս տարուան Փետրուարին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ Հայաստանը կը դիտարկէ մոտուլային միջուկային ելեկտրակայանի կառուցման հնարաւորութիւնը եւ որպէս կարեւոր փաստարկ մատնանշած է ատոր անվտանգութեան բարձր մակարդակը։
«Հայաստանում քննարկւում է մի տարբերակ, երբ նոր էներգաբլոկի հզօրութիւնը չպէտք է լինի 600-700 ՄՎտ-ից բարձր»,- ըսած է Վարդանեանը՝ աւելցնելով, որ կառավարութիւնը հակուած է փոքր մոտուլային հակազդակներու կառուցման, սակայն այս ճանապարհին գլխաւոր խոչընդոտն այն է, որ ներկայիս աշխարհի մէջ նման տիպի գործող աթոմակայաններ չկան։
Մոտուլային հակազդակներ նախագծող ընկերութիւնները, ըստ Յակոբ Վարդանեանի, անընդհատ կը յետաձգեն կառուցման համար սահմանուած ժամկէտները։
«Շատերի, այդ թւում՝ ամերիկեան ընկերութիւնների պարագայում, ամէն ինչ մշակման փուլում է: Առաջ է շարժուել միայն ամերիկեան NuScale ընկերութիւնը։ Այն լիցենզիա (իրաւական համաձայնութեան վաւերաթուղթ խմբ. ՝Ս. Արեան)է ստացել իր 50 ՄՎտ հզօրութեամբ էներգաբլոկների կառուցման համար։ Բայց NuScale-ը յետաձգել է դրանց կառուցումը եւ որոշել է կառուցել 77 ՄՎտ հզօրութեամբ էներգաբլոկներ եւ գտնւում է վերջնական լիցենզաւորման փուլում»,-ըսած է Վարդանեանը եւ աւելցուցած, որ նման ելեկտրակայաններու կառուցումը կ’արժէ շատ աւելի թանկ, քան նախորդ տարբերակը։
Փոխնախարարի խօսքով՝ Հարաւային Քորէան նոյնպէս շահագրգռուածութիւն յայտնած է Հայաստանին տրամադրել 170 ՄՎտ հզօրութեամբ մոտուլային ելեկտրակայաններ, որոնք նախագիծով նման են ամերիկեաններուն։
«Բլոկի բարձր հզօրութիւնը, ի հարկէ, նուազեցնում է ինքնարժէքը, բայց խնդիրն այն է, որ այս մշակումը դեռ լիցենզաւորուած չէ»,- նշած է Վարդանեանը՝ աւելցնելով, որ արտօնագրման գործընթացի մէջ են նաեւ ռուսական եւ չինական մշակումները։
Փոքր մոտուլային հակազդակներու շահագործման փորձի բացակայութեան պատճառով ՀՀ կառավարութիւնը չի շտապեր վերջնական որոշում կայացնել։
«Եթէ մենք ուզում ենք արագացնել գործընթացը, ապա պէտք է 1000 ՄՎտ-ից աւելի հզօրութեամբ ատոմակայան կառուցենք աւանդական տեխնոլոգիաներով, ինչը զգալիօրէն գերազանցում է մեր կարիքները»,- պարզաբանած է փոխնախարար Վարդանեանը։
Ան աւելցուցած է, որ կառավարութիւնը մտադիր է մինչեւ 2025 թուականի կէսերը վերջնական որոշում կայացնել կայանքներու մոտելի եւ մատակարարող երկրի ընտրութեան վերաբերեալ։
DW-ն գրած է, որ ներկայիս Հայաստանի ելեկտրական ուժանիւթի կարիքը կը կազմէ մօտ 1200 ՄՎտ, որ մօտաւորապէս հաւասար չափաբաժիններով կ’ապահովեն ջրաելեկտրակայանները, ՋԷԿ-երը եւ աթոմակայանը։ Կ’աճի նաեւ արեւային կայաններու թիւը, սակայն ատոնց մասնաբաժինը Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութեան ընդհանուր ծաւալին մէջ դեռ աննշան է՝ 2023 թուականի առաջին կիսամեակի տուեալներով՝ 4%-էն քիչ մը աւելի»։
Սագօ Արեան