Ատրպէյճան Հայաստանը հրաւիրած է մասնակցելու Պաքուի մէջ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք COP-29-ի կլիմայական գագաթնաժողովին։
«Ազատութիւն» լրատուամիջոցին համաձայն՝ Ալիեւի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնած է, թէ Պաքու պաշտօնապէս հրաւիրած է Երեւանը, սակայն հայկական կողմը ցարդ պատասխան չէ տուած հրաւէրին։
Մինչեւ գագաթնաժողովի գումարումը Ատրպէյճան Հայաստանին առաջարկած է համաձայնութիւն գոյացնել խաղաղութեան պայմանագրի հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ, նախքան լայնածաւալ պայմանագիրին կնքումը։
Ըստ Պաքուի, այս քայլը կրնայ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատել երկու երկիրներուն միջեւ։
Ատրպպէյճանի ղեկավարն ալ յայտարարած է, թէ այս փուլին Պաքուն Երեւանէն երկու քայլ կ’ակնկալէ․
Առաջին՝ միատեղ դիմում ներկայացնել ԵԱՀԿ-ին Մինսքի խումբի լուծարման առաջարկով, որուն Հայաստան համաձայն չէ։
Երկրորդ՝ Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։ Հայկական կողմը, սակայն, յաճախ կրկնած է, որ Մայր Օրէնքի փոփոխութիւնը Հայաստանի ներքին գործն է եւ Պաքու իրաւունք չունի միջամտութիւն կատարելու։