ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ

Հայաստան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Կիպրոսի Հանրապետութեան մշտապէս ու հետեւողականօրէն նեցուկ ըլլալով եւ աջակցելով Կիպրոսին՝ Կիպրոսի հարցի արդար եւ յարատեւ լուծում գտնելու ջանքերուն համար։ Այս մասին յայտնած են Յունաստանի ՀՀ դեսպանութենէն:

«Այս տարի կ’ամբողջանայ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումի 50-ամեակը։
Այսօր Հայաստան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Կիպրոսի Հանրապետութեան, մշտապէս ու հետեւողականօրէն նեցուկ ըլլալով եւ աջակցելով Կիպրոսին՝ Կիպրոսի հարցի արդար եւ յարատեւ լուծում գտնելու ջանքերուն համար։
Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան եւ պիտի շարունակէ աշխատիլ իր միջազգային գործընկերներուն հետ՝ դիմակայելու այս մարտահրաւէրները»: