ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐԹԱԿ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Ռուսական կողմը պատրաստ է Պաքուի եւ Երեւանի ներկայացուցիչներուն բանակցութիւններու հարթակ տրամադրել՝ անոնց համար ստեղծելով առաւելագոյն յարմարաւէտ պայմանները. Չորեքշաբթի՝ 24 Յուլիսին Պրիֆինկի մէջ ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Մարիա Զախարովան, նշելով, որ Մոսկուա մէկ անգամ չէ, որ հիւրընկալած է հայ-ատրպէյճանական բանակցային հանդիպումներ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին շուրջ։
Զախարովայի խօսքերուն համաձայն, կողմերուն միջեւ խաղաղութեան հաւասարակշռուած պայմանագիրի կնքումը Ռուսիա կը համարէ անփոխարինելի նախապայման տարածաշրջանին մէջ անքակտելի անվտանգութեան ճարտարապետութեան կառուցման համար։