ԱԼԻԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ Պաքուն կ’աջակցի խաղաղութեան օրակարգին, Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրման եւ ընդհանուր առմամբ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին։ Այս մասին, «Թերթ»-ի համաձայն, կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«Սակայն անոր համար նախ անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ փոխել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ պահանջներ պարունակող դրոյթները, որոնք կ’ենթադրեն Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանի միացումը Հայաստանին», ըսած է Ալիեւ։

Անոր համաձայն՝ «Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի տարածքային պահանջներուն պէտք է վերջ դրուի սահմանադրական հիմունքներով»: