Եւրոպական Միութիւնը առաջին անգամ ըլլալով Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն Հայաստանին պիտի տրամադրէ 10 միլիոն եւրօ: Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցելու համար տրամադրուելիք օգնութեան նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի զինեալ ուժերու նիւթական-արհեստագիտական կարողութիւնները եւ նպաստել ճգնաժամային ու արտակարգ կացութիւններու մէջ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան բարելաւումին:
Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հաղորդումով` որոշումը տրուած է Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան ծիրին մէջ եւ հիմնուած է հասարակաց արժէքներու վրայ, ուղղուած է Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման խթանման: Որոշումը նպատակ ունի նաեւ բարձրացնել Հայաստանի դիմադրողականութիւնը, արագացնել զինեալ ուժերու փոխգործունակութիւնը հետագային երկրին կողմէ միջազգային, ներառեալ Եւրոպական Միութեան կողմէ կազմակերպուած զինուորական առաքելութիւններուն ու գործողութիւններուն հաւանական մասնակցութեան պարագային:
Ըստ որոշումին, աջակցութիւնը պիտի արտօնէ գումարտակի չափով ստորաբաժանման համար ապահովել լիարժէք վրանային ճամբար:
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզէֆ Պորէլի համաձայն, Հայաստանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ անվտանգութիւնը կարեւոր տարր է: Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը փոխադարձ շահագրգռուածութիւն ունի աւելի ընդլայնելու իր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ երկխօսութիւնը` նաեւ դիտարկելով Հայաստանի ապագայ մասնակցութիւնը Եւրոպական Միութեան գլխաւորած առաքելութիւններուն եւ գործողութիւններուն:
«Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է Հայաստանի հետ համապարփակ քաղաքական եւ տնտեսական գործընկերութիւնը ընդլայնելուն` հիմնուած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին վրայ եւ առաւել եւս ամրապնդելու յարաբերութիւնները բոլոր հարթութիւններուն վրայ: Ասիկա կը ներառէ արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան ոլորտին մէջ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան աշխուժացում, որ կը ներառէ նաեւ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հասարակաց քաղաքականութիւնը», նշուած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդին հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ողջունեց Եւրոպական Միութեան խորհուրդին` արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ որդեգրուած որոշումները:
«Մենք կ’ողջունենք Եւրոպական Միութեան կողմէ` արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով որդեգրուած պատմական որոշումները Եւրոպական խաղաղութեան գործիքին տակ Հայաստանին աջակցութեան տրամադրման եւ մուտքի արտօնագրի ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկին վերաբերեալ:
«Ասիկա Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան շատ կարեւոր փուլ է, գործընկերութիւն, որ կը խորանայ` հիմնուած հասարակաց արժէքներու եւ սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան տեսլականի վրայ:
«Անկեղծօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Եւրոպական Միութեան կառոյցներու եւ անդամ երկիրներու իմ գործընկերներուս», յիշուած է Միրզոյեանի յայտարարութեան մէջ:
Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզէֆ Պորել, մեկնաբանելով Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրօ տրամադրելու որոշումը, յայտնեց. «Անվտանգութիւնը կը դառնայ Հայաստանի հետ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւոր տարրը»:
«Խաղաղութեան Եւրոպական հիմնադրամի այս քայլը ա՛լ աւելի պիտի բարձրացնէ երկրին դիմադրողականութիւնը: Մենք փոխադարձ շահագրգռուածութիւն ունինք արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ մեր երկխօսութեան հետագայ ընդլայնման, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան գլխաւորած առաքելութիւններուն եւ գործողութիւններուն Հայաստանի հետագայ մասնակցութեան հարցին մէջ», նշած է Պորել:
Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը իր կարգին ողջունեց եւրոպական յանձնաժողովի Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւն սկսելու մտադրութիւնը: