«Ապագայ»ի հարցերուն կը պատասխանէ հայրենի վերլուծաբան՝ Ստեփան Դանիէլեան
Պրն. Դանիէլեան, վստահօրէն կը հետեւիք Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն, շրջանին մէջ մեծ պատերազմ մը նախատեսելի է՞։
– Ձեր հարցին դրական, կամ բացասական պատասխանելը կը նշանակէ կանխատեսումներով զբաղիլ, անոր համար կան աստղագուշակներ: Մեր խնդիրը գործընթացներու տրամաբանութիւնը հասկնալն է: Իսրայէլի վարչապետին երեք հիմնական պատճառով մեծ պատերազմ պէտք է, բան մը, որ ինք կը փորձէ հրահրել: Այդ հարցով ինք առանձինն չէ:
Պատճառներէն մէկը անձնական է, պատերազմի շարունակութիւնը թոյլ կու տայ իրեն մնալ վարչապետ, հետեւաբար, քրէական յօդուածներով չպատժուիլ, թէկուզ իսրայէլեան դատարանին մէջ:
Միւս պատճառը փոխկապակցուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն: Իսրայէլի իշխող վարչախումբին պէտք է մեծ պատերազմով վարկաբեկել իշխող դեմոկրատական վարչակազմը եւ աջակցիլ Թրամփին:
Երրորդ պատճառը գոյաբանական է, ժամանակն Իսրայէլի օգտին չ’աշխատիր, որքան որ մեծ պատերազմը ուշ սկսի, այնքան Իսրայէլի գոյութիւն ունենալու առիթները կը փոքրանան, ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութեան պատճառաւ, նաեւ Իրանի կողմէ միջուկային զէնքի ստեղծման հաշուոյն, եթէ արդէն չէ ստեղծուած, ինչ որ Իսրայէլի հիմնական յաղթաթուղթը կը զէրոյացնէ:
Տաս ամիսներէ ի վեր շարունակուող Կազայի պատերազմը, ի՞նչ հանգուցալուծում կրնայ ունենալ։
– Կազայի պատերազմը Իսրայէլի գոյութեան պատերազմն է, արաբական «ծով»ուն մէջ անոնք երկար գոյութեան առիթը չունին: Տարիներ առաջ Քիսինճըր կը կանխատեսէր, որ Իսրայէլ պիտի վերանայ մինչեւ 2020 թուականը: Ինչպէս կը տեսնենք, ժամանակի առումով ան սխալած է, սակայն ռազմավարական առումով շատ բան չէ փոխուած: Իսրայէլ պէտք է ենթարկէ իր ամբողջ տարածքը էթնիք զտման, սակայն դժուար թէ այդ յաջողի: Նաեւ բարոյական-գաղափարական պարտութիւն կը կրէ, որովհետեւ հոլոքոսթի գաղափարին վրայ կառուցուած պետութիւնն ինքը հիմա պաղեստինցիները հոլոքոսթի կ’ենթարկէ: Այդ բարոյական-հոգեբանական մեծ հարուած է հրեաներուն: Չմոռնանք, որ Իսրայէլի ներկայ վարչակազմը մասնակցած է Արցախի էթնիք զտումներուն, որ նոյնպէս սեւ բիծ է այսօրուան Իսրայէլի համար:
Իրանի թեման անմիջականօրէն կապուած է նաեւ մեզի՝ Հայաստանին։ Այն իմաստով, որ Իրանին դէմ եղած ցանկացած ռազմական գործողութիւն, կրնայ նոյնպէս վտանգ հանդիսանալ Հայաստանին։ Կա՞ն այդպիսի վտանգներ։
– Հիմա շատ քիչ երկիրներ կան, որոնք վտանգի տակ չեն գտնուիր: Գոյութիւն ունեցող աշխարհակարգը փուլ կու գայ: Միաբեւեռ աշխարհը կը փլի եւ գերիշխող ոստիկան այլեւս չկայ: Երբ տիրող կայսրութիւնները փուլ կու գան, կը սկսի աշխարհի նոր վերաբաժանում: Նոյնիսկ պատերազմական թատերաբեմերէն հեռու գտնուող երկիրները գաղթողներու արշաւի վտանգի առջեւ կանգնած են, ինչ որ հետզհետէ աւելի ուժգին կ’ըլլայ: Մեծ պատերազմի մը հետեւանքներէն ոչ ոք կրնայ խուսափիլ: Մերձաւոր Արեւելքը, յատկապէս իսլամական աշխարհը, մեծ պատերազմներու վտանգին առջեւ յայտնուած է: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա Արցախի պատերազմը այդ գործընթացի առաջին «կրակոցներ»էն մէկն էր: Բնականաբար, հնարաւոր մեծ պատերազմը անգամ մը եւս կրնայ մեզի մօտենալ: Հիմա Հայաստանի համար կարեւոր է ճիշդ քաղաքականութիւն վարել եւ խաղադրոյքները ճիշդ սեղանին դնել:
Այս բոլորին առընթեր ինչքանով ճիշդ էր, որ այս փուլին Հայաստանը ճանչցաւ Պաղեստին պետութեան գոյութեան իրաւունքը։ Այդ մէկը խելացի քայլ է՞ր։
– Քաղաքականութեան մէջ կարեւոր է նաեւ բարոյական դիրքորոշումը: Կը կարծեմ, որ այդ ուշացած քայլ էր, սակայն աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք: Մենք մեր բարոյական դիրքորոշումը պէտք է յայտնէինք:
Արտաքին ճակատի վրայ ականատես սկսած ենք դառնալ, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան տեսակէտները որոշակի առումներով կը տարբերակուին։ Այդ մէկը խզում կրնա՞յ առաջացնել երկու երկիրներուն միջեւ առկայ «եղբայրական յարաբերութիւններ»ուն։
– Երկու երկիրներու միջեւ հակասութիւնները, որքան ալ անոնք եղբայրական չըլլան, բնական են: Այդ պայմանաւորուած է Հիւսիս-հարաւ ճանապարհի շինարարութեան հետ, որուն դէմ է Թուրքիան, ու առհասարակ Արեւմուտքը: Ատրպէյճան չի ցանկար Հայաստանի հետ կնքել հաշտութեան պայմանագիր, անով խոչընդոտելով այսպէս կոչուած Միջին Ճանապարհը՝ Կեդրոնական Ասիայէն դէպի Թուրքիա-Եւրոպա: Կան նաեւ այլ հակասութիւններ: Ատրպէյճան ստիպուած է հաշուի առնել Իրանի, Ռուսիոյ ու Չինաստանի շահերը: Բնականաբար, այդ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի միջեւ հակասութիւններ առաջացուցած է:
Նոյն առումով Թուրքիոյ եւ յատկապէս Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանի կողմէ լսելի դարձող «ռազմաշունչ» յայտատարութիւնները եւ ըսելը, որ «Հիմա Ղարաբաղէն ու Լիպիայէն ետք Իսրայէլ պիտի մտնենք», ինչքանով իրաւացի խօսք է, կամ եղածը պարզապէս «Օսմանեան շոու»ին մաս կը կազմէ։ Ի՞նչ են ձեր գնահատականները։
Այդ մէկը բնականաբար, ապտակ էր Ալիեւին, որ իր հանրութեան կը ներկայացնէ, որ Ատրպէյճան իր ռազմական ուժով եւ իր կազմակերպչական ջանքերով կարողացած է յաղթել: Անով նաեւ կը փորձէ Ատրպէյճանի ժողովուրդին մօտ արդարացնել փտածութեամբ իր կառավարումը: Նման ապտակները պատահական չեն հասցուիր:
Հայաստան կարծէք վերջերս, որոշակի չափով վերապահ է կապուած «3+ 3» ձեւաչափին։ Ուրկէ՞ կու գայ այդ վերապահութիւնը։ Ու բաց աստի այդ ձեւաչափը տակաւին «աշխատող» ձեւաչափ մըն է, հաշուի առնելով Մերձաւոր Արեւելքի վերջին զարգացումները։
Այդ ձեւաչափի հիմնական շահառուն Հայաստանն է, Թուրքիա-Ատրպէյճան մեծցող ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ կարելի է հաւասարակշռել Ռուսիոյ ու Իրանի դերի մեծացումով: Այդ 3+3 ձեւաչափն է, որ Հարաւային Կովկասի համար բնական ձեւաչափ է: Այդ ձեւաչափն այլընտրանք չունի, միւս բոլոր տարբերակները տարածաշրջանին մէջ պատերազմի դուռ կը բանան:
Սագօ Արեան