Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի մէջ վերջին օրերունաւելցուած զինուորական սարքերը Թուրքիոյ հարեւան երկիրներուն մօտ խիստ անհանգստացուցած է թրքական հասարակութիւնը:
Ըստ News.am-ի՝ թրքական գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցները անհանգստութեամբ արձագանգած են Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայաններուն մէջ հարուածային ու փոխադրամիջոցային ժամանակակից ուղղաթիռներով համալրելուն:
Թրքական մամուլը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Ռուսաստանը Թուրքիոյ շուրջ կը սեղմէ օղակը` ռազմական ներկայութիւնը զօրացնելով Հայաստանի եւ Սուրիոյ մէջ: Կը նշուի, որ ռուսական կողմը բանակցութիւններ կը վարէ Կիպրոսի իշխանութիւններուն հետ` այնտեղ եւս ռուսական ռազմակայան ստեղծելու համար: