Վրաստանի կառավարութիւնը Մառնեուլիի շրջանի սեփականատերերէն հող կ’առնէ Ռուսթավի-Սատախլօ նոր ինքնաշարժի մայրուղիի կառուցումի համար՝ մինչեւ Հայաստանի հետ սահման։ Վրաստանի տնտեսութեան նախարարի համապատասխան հրամանը հրապարակուած է երկրի օրէնսդիր տեղեկագիրին մէջ։
Ծրագիրին նիւթապէս կ’օժանդակէ Եւրոպական ներդրումային դրամատունը՝ Արեւելք-Արեւմուտք միջազգային ճանապարհային ծրագիրի վարկային համաձայնագիրով:
Նոր երթուղին, որ պիտի անցնի գործող ճանապարհին զուգահեռ, պիտի ըլլայ չորս գօտիով, երկարութիւնը՝ մօտ 30 քմ, ներառեալ՝ 11 կամուրջ եւ անցում։ Շինարարութիւնը կ’արժէ 250 մլն. եւրօ։