Դեսպան Մեհտի Սոպհանի. «Իրանը կողմ է ապաշրջափակման, բայց այդ պէտք է տեղի ունենայ ՀՀ ինքնիշխանութեան ներքոյ»

Իրանը կողմ է ապաշրջափակման, սակայն այդ պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ. վերջերս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին յայտնած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին։

«Մեր դիրքորոշումը ապաշրջափակման հարցին շատ յստակ է։ Մենք կողմնակից ենք ապաշրջափակման, սակայն այդ ապաշրջափակումը պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ»,- ըսաւ ան։

Հարցումին՝ ի՞նչ հետեւանք կ’ունենայ ապաշրջափակման ձգձգումը կամ յետաձգումը, եւ ի՞նչ օգուտներ կրնայ բերել գործընթացի արագացումը, Իրանի դեսպանը ըսաւ որ, բնական է, ապաշրջափակման շնորհիւ երթեւեկութիւնը կը մեծնայ, բայց պէտք է փոխադարձ պայմանաւորուածութիւն եւ համաձայնութիւն ըլլայ այդ մասով․ «Եթէ պայմանաւորուածութիւն ըլլայ, կը նշանակէ՝ աւելի կը մօտենանք խաղաղութեան։ Սա կը բխի տարածաշրջանի երկիրներու շահերէն։ Եւ ինչ կը կատարուի կայուն խաղաղութեան համար, մենք անոր կողմնակիցն ենք»։