Պաթումի մէջ Դեկտեմբեր 5-ին տեղի ունեցած է Ալեքսանդր Մանթաշեանի անուան Հայ մշակոյթի տան հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած է Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Եուրի Վարդանեանը:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` արարողութեան մասնակցած են նաեւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեանը, ինչպէս նաեւ Երեւանէն ժամանած Կեդրոնի վերաշինութեան մեծ նպաստ բերած «Վարդան Ճիմիշեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ պաթումահայեր, Պաթումի քաղաքապետարանի, հայկական եւ վրացական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Եուրի Վարդանեանը շնորհաւորելով ներկաները Մշակոյթի կեդրոնի բացման առիթով` յոյս յայտնած է, որ անիկա իր աշխատանքներուն մէջ պիտի ձգտի նմանիլ Վիրահայոց թեմին առընթեր գործող «Հայարտուն» մշակութակրթական կեդրոնին` հաւաստիացնելով, որ ՀՀ պետական կառոյցները, ներառեալ նաեւ Սփիւռքի նախարարութիւնը, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնն ու Պաթումի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը մշտապէս պիտի աջակցին Կեդրոնին բոլոր հարցերով:
«Վարդան Ճիմիշեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Արմէն Յակոբեան, իր հերթին, գոհունակութիւն յայտնած է, որ Հիմնադրամը աջակցեցաւ նման բարձրակարգ կեդրոնի բացման:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է կեդրոնի տնօրհնէքը, որ կատարուած է Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի ձեռամբ, որմէ ետք ելոյթով հանդէս եկած է նաեւ Կեդրոնի տնօրէն Սոնա Յովհաննիսեանը, որ պատմած է Կեդրոնի յետագայ գործունէութեան, նպատակներու եւ հեռանկարներու մասին: