Կիրակի, 6 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, եկեղեցւոյս ծուխի կազմաւորման 87-րդ տարեդարձի Սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Գանատահայոց Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան, իրեն առընթերակայ ունենալով եկեղեցւոյս հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը:
Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարկաւագներ ու բարեկրօն դպիրներ: Երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի: Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան Պատուակալ հիւպատոս, (Թորոնթօ-Օնթարիօ) Տիար Ռիչըրտ Պերճ Սվազլեան:
Յընթացս Ս. Պատարագի «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ եւ եկեղեցւոյ ներքին զանգակի ղօղանջներով, Ս. Խորան առաջնորդուեցան եկեղեցւոյս դպրաց դասը, ստանալու համար Սրբազան Հօր օրհնութիւնները նոյնպէս Սրբազան Հայրը օրհնեց, Հ.Հ. Պատուակալ Հիւպատոս (Թորոնթօ-Օնթարիօ) Տիար Ռիչըրտ Պերճ Սվազլեանը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյս տարեդարձի ուրախ առիթով, հաղորդական ոճով իր սրտի խօսքը ու բարեմախտութիւնները փոխանցեց հոծ թիւով ներկայ հաւատացեալներուն:
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն Դեկտեմբեր 7, 1988-ին Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերուն, եկեղեցւոյս վախճանեալ հոգեւորականներուն, նախկին Ծխական Խորհուրդներուն, կնքահայրերուն ինչպէս նաեւ բարեպաշտ հաւատացեալներու պարագաներուն հոգիներուն ի հանգիստ: