Իրան-Ատրպէյճան բախումի հնարաւորութիւններուն մասին. Ի՞նչ պէտք է ըլլայ Հայաստանի դիրքը

Երբ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը իր աւարտին հասաւ, քիչ չէին այն վերլուծաբանները, որոնք կարծիք յայտնեցին այն մասին, որ այդ ծանր փուլէն ետք Հայաստանը այլեւս դադրած է շրջանային գործօն ըլլալէ։ Անշուշտ, եթէ արագ համեմատական մը ընենք, եւ անցնող չորս տարիներու ընդհանուր դրութիւնը համեմատենք անցնող երեսուն տարիներու ընդհանուր կարգավիճակին հետ, ապա փաստացի տուեալներով պիտի գանք այն համոզումին, որ Հայաստանը իր բոլոր սխալներով, թերացումներով կամ անկումներով շրջանային գործօն ըլլալու դերի մը մէջն էր։ Շատեր կրնան այս կտրուածքով որոշակի առարկութիւններ ալ ընել, որ այդ մէկը, ոչ թէ անվտանգային դեր-գործօնի մը մասին էր, այլ ընդամէնը այդ դերին Imitation-ն էր։ Այն իմաստով, որ Հայաստան երկար ժամանակէ ի վեր պատերազմի մը մէջ չէր եղած ու շատերու կողմէ, նոյնիսկ թշնամի երկիրներուն կողմէ կը համարուէր հզօր եւ տարածաշրջանային կտրուածքով ուժեղ եւ նոյնիսկ անպարտելի բանակի մը տէր եղող տէրութիւն մը։

Ի հարկէ այդ օրինակ «գործօն» մը հանդիսանալու համար Հայաստան կը յենուէր, նախ եւ առաջ յաղթանակած բանակ մը ունենալու փաստարկին ու նաեւ Ատրպէյճանի ռազմի դաշտին մէջ յաղթած ըլլալու հանգամանքին վրայ։ Ու խորքայնօրէն այս երկու իրական փաստերը կու գային իրողապէս տկարացնել, ոչ միայն Հայաստանի կառավարող մարմինները, ռազմական ուժն ու հրամանատարութեան կազմը, այլ ամբողջ պետական «աբարաթ»ը։ Այս «շփացնող» եւ տուայտանքներու տանող մղումներն էին նաեւ, որ պահուան մը համար «կը քնացնէին» Հայաստանն ու անոր հասարակութիւնը, որ վաղը յանկարծ մեծ պատերազմ մը պիտի ըլլայ ու այդ պարագային ալ երեւան պիտի ելլեն Հայաստանի բոլոր թերի կողմերն ու խութերը։

Ահա այս բոլորը կը ծառայէին, որ Հայաստան, ոչ միայն տեղքայլի մը մէջ մնայ, այլ նաեւ նահանջէ ու ետ երթայ,իսկ պատմութեան մնացած մասը բոլորս արդէն շատ լաւ գիտենք։ Պատմութիւն, որուն մէջ կան մեղքի ու նահանջի մեծ բաժիններ ու անոնցմէ անդին պատերազմի պարտութիւնը ներքին քաշքշուքի, իրար հարուածելու եւ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն մեծ խաղասայլին կշռաքարերը դարձնելու փորձութիւն։

Այս բոլորը լաւապէս դիտարկելէ ետք, ու եթէ ճիշդ դատողութիւն մը ընել փորձենք, ապա տեղին պիտի ըլլայ ըսելը, որ Արցախի պատերազմի թիւ երկու տուժողը կը հանդիսանար Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը։ Մեզի հարեւան եւ պատմական հիմքերով բարեկամ երկիր հանդիսացող այդ կարեւոր երկիրը, պահուան մը համար իրմէ հեռու կ’ուզէր տանիլ Արցախեան պատերազմի մեծ ուրուականը, ու կերպով մըն ալ «ճանապարհ կը բանար» ատրպէյճանեան ուժերուն, որ հանգիստ ձեւով մուտք գործեն՝ օգտագործելով Իրանի հարաւային «պատուհաններ»ը, ու այդպիսով ալ ամբողջական պաշարման տակ առնեն հերոսական Արցախը։

Իսկ այս օրերուն, ինչ որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի հիւսիսային հատուածներուն մէջ, մէկ խօսքով կը յիշեցնէ, որ Իրանը սխալ հաշուարկներով իր դռները կը բանար Ատրպէյճանի առջեւ, սխալ կ’ընէր նաեւ ողջունելով Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութիւն»ը։ Այս փաստերը անշուշտ անկարող են ստուեր նետել պաշտօնական Թեհրանի այսօր որդեգրած տեսակէտներուն վրայ, ըստ որոնց Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, Սիւնիքի կտրուածքով Հայաստանի դիրքերն ու իրաւունքները սակարկումի ենթակայ չեն։

Ի հարկէ շատ ողջունելի է Իրանի այդ տեսակէտները, սակայն եկուր տես, որ նոյն Իրանը այսօր թիրախ դարձած է Պաքուի ու Պաքուի սերտ դաշնակից Իսրայէլի կողմէ։

Արցախեան հողերուն վրայ տեղակայուած են իսրայէլեան մասնայատուկ ուժեր, ռազմական կէտեր ու հրթիռային կամ ԱԹՍ-ներու կայանքներ, որոնք կը գործածուին հազար ու մէկ նպատակներով եւ կ’ունենան թիրախներու «այլազանութիւն»։

Հոս է նաեւ, որ արագօրէն կարելի է աւելցնել իրանցի շարք մը գործիչներու (Իրանի ներսը եղած հարուածներով) սպանութեան դէպքերը, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ու անոր շքախումբին բաւական խորհրդաւոր պայմաններու մէջ եղած ողբերգական արկածի ու ապա այլ մահուան դէպքը ու վերջինը (հաւանաբար ոչ վերջնագոյնը) պաղեստինեան «Համաս» շարժումի քաղաքական խորհուրդի ներկայացուցիչ Իսմահիլ Հանիյայի սպանութեան դէպքը, որ մեծ ցնցում մը կ’առաջացնէր Թեհրանի քաղաքական վերնախաւին մօտ։

Այսքանը ներկայացնելէ ետք անշուշտ մեր մտքերուն մէջ եւս պիտի ծագին կենսական հարցադրումներ կապուած վերջին օրերուն Թեհրանի կողմէ հնչած յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Իրան մտադիր է հարուածել Ատրպէյճանի ( բռնագրաւուած՝ Արցախի) տարածքներուն վրայ եղած  իսրայէլեան կէտերը։

Ու հարցումը բոլոր ժամանակներէն աւելի գոյութենական հարցում է, որովհետեւ միայն այդպիսով Իրան կրնայ զսպել Իսրայէլի ախորժակները Հարաւային Կովկասի մէջ, որ ունին դարանակալ մղումներ։

Այս առումով ալ անշուշտ, յառաջիկայ ամիսները աւելի քան կարեւոր են հասկնալու համար, որ ինչ հունով պիտի զարգանան դէպքերը։

Ի դէպ Իրան-Ատրպէյճան ընդհանուր դրութեան մասին օրերս կարեւոր դիտարկում մը կատարած է հայրենի ռազմական փորձագէտ՝ Կարէն Յովհաննիսեան։

Ստորեւ կը ներկայացնեմ Յովհաննիսեանի դիտարկումները։

«44-օրեայ պատերազմը ոչ թէ տարածաշրջանին մէջ վերջ դրաւ պատերազմներուն, այլ նոր ձեւաչափով պատերազմներուն սկիզբը եղաւ։ Այսօր տարածաշրջանը կ’եռայ, յարաբերական կայունութիւնն ալ շատ հեռու է իրականութիւն մը դառնալէ։

Միւս կողմէ կ’ուզեմ անդրադառնալ տեղեկատուական այն արտահոսքերուն, թէ Իրանի նախագահ Փեզեշքիան առաջարկած է հարուածել Ատրպէյճանի մէջ իսրայէլեան թիրախներ, որոնցմէ շատերը, ըստ տարբեր աղբիւրներու, տեղակայուած են Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ։ Այլ խօսքով Արցախի հարաւարեւմտեան գրաւուած հատուածներուն մէջ, այսինքն այն տարածքներուն, որ սահմանակից է Իրանին, եւ այս պարագային ըստ կարգ մը աղբիւրներու տեղակայուած են իսրայէլեան յատուկ ստորաբաժանումներ, որոնց նպատակը ռազմական գործողութիւններ իրականացնելն է: Այս առումով Իրանը բնականաբար վտանգ կը տեսնէ։ Ես կը կարծեմ, որ այդ տեղեկատուական արտահոսքը մասնաւոր նպատակով եղաւ, որպէսզի այդ ձեւով կանխուին այդ ստորաբաժանումներու կողմէ հնարաւոր գործողութիւնները:

Երբ ամբողջ աշխարհը կը սպասէ Իրանի գործողութիւններուն, վերջինս իր սպասողականութեամբ կը հիւծէ եւ կը տկարացնէ Իսրայէլը։

Իրանի ռազմագիտական գործողութիւնները շատ բնորոշ են Իրանի պէս պետութիւններուն համար, եւ ան դարերէ ի վեր եղած է ռազմարուեստի կերտողներէն մէկը: Իրան ոչ թէ դանդաղկոտութիւն կը դրսեւորէ, այլ կ’իրականացնէ հիւծող, մաշող քաղաքականութիւն հակառակորդին հանդէպ: Հետաքրքրական է, որ Իրան այդ կ’իրականացնէ առանց որեւէ լուրջ միջոցներ մսխելու, մինչդեռ Իսրայէլ բաւականին լուրջ միջոցներ կը սպառէ, որպէսզի կանխէ Իրանի հնարաւոր յարձակումը: Իսրայէլ իր ցամաքային ու օդային սահմանը միշտ մարտական վիճակի մէջ կը պահէ, որ ոչ միայն կը տկարացնէ զինք այլ նաեւ մեծ ֆինանսաւորում կը պահանջէ: Հակաօդային միջոցներ ձեռնարկելը սուղ արժող հաճոյք է, ուր մնաց կանխարգելիչ հակաօդային գործողութիւններ իրականացնելը: Այդ կ’ենթադրէ անընդհատ մարտական հերթապահութիւն կործանիչներով, գետնի վրայ մասնայատուկ համակարգերով: Իրան դիտումնաւոր կը ստեղծէ այս անորոշ մթնոլորտը, ան նպատակ ունի այնքան մաշեցնել, եւ հասցընել Իսրայէլը այնպիսի վիճակի մը, որ վստահ ըլլայ, որ իր յարձակումները տեղ պիտի հասնին:

Իրան կը սպասէ նաեւ, որ Իսրայէլ զինուժի մասնակցութեամբ ցամաքային գործողութիւններ իրականցնէ Իրանի դէմ, իսկ այդ պարագային այդ գործողութիւններու իրականացման համար տարածք տրամադրող հաւանական երկիրը Ատրպէյճանն է: Եթէ Ատրպէյճանի տարածքէն սկսին ցամաքային գործողութիւնները, ապա Իրան կրնայ մուտք գործել Ատրպէյճանի տարածք՝ տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիքի անուան տակ: Թէեւ կը կարծեմ, որ այս ուրուագիծը քիչ հաւանական է՝ հաշուի առնելով, որ Իսրայէլ կոչ ըրաւ իր զինուորականներուն լքել Ատրպէյճանի ու Վրաստանի տարածքը: Ես կը կարծեմ, որ աւելի հաւանական են օդային գործողութիւնները: Հայաստան բնականաբար չի կրնար չէզոք մնալ՝ նկատի առնելով, որ այստեղ Սիւնիքի մասին ալ նիւթ կրնայ արծարծուիլ: Ատրպէյճան յստակ ցանկութիւններ ունի հնարաւոր ռազմական գործողութիւններու պարագային յարձակիլ Հայաստանի վրայ: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստան պէտք է աշխատի Իրանի, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան հետ: Շատ կարեւոր է, որ Հայաստան շատ արագ կարգաւորէ իր ռազմական կշիռը: Տարածաշրջանին մէջ հնարաւոր ռազմական գործողութիւնները վստահաբար մէկ տարիով սահմանափակուելու չեն, տարիներ կրնան առնել, այս պարագային ՀՀ-ն պէտք է երկարաժամկէտ կտրուածքով զարկ տայ ռազմաարդիւնաբերութեան, քանի որ ան առաջին հերթին զսպող մեքենականութիւն է»։

 

 Սագօ Արեան