Ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կոչ կ’ուղղէ` դպրոցներուն մէջ 8-րդ դասարանի պատմութեան դասագիրքի օգտագործումը չարտօնել: Աղբիւրին համաձայն՝ այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուշադրութեան հրաւիրած է «8-րդ դասարանի հայկական դպրոցներու պատմութեան դասագիրքի չափազանց կասկածելի բովանդակութեան վրայ», որուն բնագիրը հրապարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ:
«Նոր դասագիրքի գլուխներէն մէկուն մէջ` «Արեւելեան Հայաստանի բռնակցումը Ռուսիոյ» սադրիչ վերնագիրին տակ, խեղաթիւրուած ներկայացուած են 18-րդ դարու վերջի եւ 19-րդ դարու սկիզբի Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները:
Մասնաւորաբար, վերատեսութեան ենթակայ էին 1826-1828 թուականներու ռուս-պարսկական պատերազմի արդիւնքներու գնահատականները:
Կասկածի տակ դնել ռուսական կայսրութեան, Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսիոյ յատուկ դերը ներկայ Հայաստանի ձեւաւորման գործին մէջ, կը նշանակէ հակասել յայտնի փաստերուն: Ասիկա մեր հասարակաց պատմութիւնը վերաշարադրելու հերթական անամօթ փորձն է», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Յոյս ունինք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի չարտօնեն, որ նման դասագիրք տեղափոխուի դպրոցներ, ինչպէս նաեւ աչք պիտի չփակեն մեր հասարակաց անցեալը խեղաթիւրելու նման անարատ փորձերու վրայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հանրութեան վարչութեան պետ Թամարա Սարգսեան վերջերս յայտարարեց, թէ «Հայոց պատմութեան» 8-րդ դասարանի նոր դասագիրքին մէջ Արեւելեան Հայաստանի Ռուսիոյ կայսրութեան միացումը իբրեւ «բռնակցում» ձեւակերպումը պիտի փոխուի: