Միացեալ Նահանգները պատրաստ են աշխատելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ որեւէ ձեւաչափով, որուն պիտի համաձայնին կողմերը եւ ուր վերջիններս կրնան յառաջընթաց արձանագրել: Այս մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է ի պատասխան «Ամերիկայի Ձայն»-ի հայկական ծառայութեան հարցումին` կապուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի ապագային եւ ատոր շուրջ ամերիկեան կողմի դիրքորոշման հետ:
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն` հասնելու կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրին: Մենք պատրաստ ենք աշխատելու երկու կողմերուն հետ որեւէ ձեւաչափով, որուն շուրջ կողմերը կրնան գալ համաձայնութեան եւ ուր կրնան յառաջընթաց արձանագրել», յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Պաքուէն պարբերաբար կը հնչեն Մինսքի խմբակը լուծելու պահանջներ. Հայաստանէն ակնկալուող քայլերուն մէջ Ատրպէյճանի նախագահը Յուլիսի վերջաւորութեան Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութենէն բացի նաեւ Մինսքի խմբակը միասնաբար լուծարելու պահանջ դրած էր:
Երեւանն ալ վերջերս յայտարարեց, թէ հայկական կողմը Մինսքի հոլովոյթի շարունակականութեան հարցը կրնայ դիտարկել նախ եւ առաջ` խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման ծիրին մէջ: