Նասեր Քենաանի. «Իրանն ու Հայաստանը կարեւոր կը նկատեն շրջանին մէջ եւ սահմաններուն վրայ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատումը»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի վերջերս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է լրագրողներու այն հարցումին, թէ Իրանը ինչպէ՛ս կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին զէնքի վաճառքին. «ինչպիսի՞ն է Իրանի արձագանգը այս հարցին»:

Քենաանի հերքած է այդ ամէնը եւ ընդգծած. «Ձեր նշածին վերաբերեալ ոչ մէկ փաստական տեղեկութիւն ունիմ եւ հրապարակուած լուրերու հիման վրայ չեմ կրնար մեկնաբանել»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ անդրադարձած է հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն:

«Կարեւոր հարց է այն, որ Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները բարեկամական եւ կառուցողական են, եւ երկու երկիրները ունին հասարակաց կամք` զարգացնելու համակողմանի յարաբերութիւններ: Իրանը եւ Հայաստանը կարեւոր կը նկատեն շրջանին մէջ եւ սահմաններուն վրայ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատումը», ըսած է Քենաանի:

Ան հարցումին որպէս պատասխան նշած է, որ չի մեկնաբաներ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները, սակայն շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներուն թերահաւատօրէն կը մօտենան:

«Թերահաւատօրէն կը վերաբերինք շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու դերին, յատկապէս` այս երկրի զինուորական ներկայութեան: Ատիկա կը վերաբերի պատմական իրողութեան` շրջանի երկիրներուն մէջ ամերիկեան կառավարութեան ապակայունացնող գործունէութեան», աւելցուցած է Նասեր Քենաանի: