Եւրոպական Միութիւնը Պաքուին կոչով կը յորդորէ՝ դէպի կայուն եւ տեւական խաղաղութեան վճռական քայլեր ձեռնարկելու

Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանին կոչ ուղղած է «օգտուելու Նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք կենսոլորտի փոփոխութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի ՔՈՓ29 խորհրդաժողովէն` Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու համար», այս մասին կը յայտնէ պրիւքսելեան «Ի.Եու.օպզըրվըր»-ը:

«Դէպի կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն վճռական քայլեր ձեռնարկելու ժամանակն է: Ատրպէյճանը պէտք է ՔՈՓ29-ը օգտագործէ Հայաստանի հետ խաղաղութիւն ստորագրելու համար», Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչի խօսքերը կը մէջբերէ հրատարակութիւնը:

ՄԱԿ-ի Համաշխարհային պայմանագիրի նախկին փոխնախագահ եւ «Եունիլեւըր»-ի գործադիր տնօրէն Փոլ Փոլման «Ի.Եու.օպզըրվըր»-ին յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ճնշումը կրնայ յանգեցնել Ատրպէյճանի մէջ դրական փոփոխութիւններու, մասնաւորաբար` աւելի քան 280 քաղաքական բանտարկեալի, ինչպէս նաեւ Անար Մամետլիի նման լրագրողներու եւ գործիչներու առնչուած:

«Քաղաքական ներկայութիւնը առանցքային խնդիր է, որովհետեւ Հայաստանը չի կրնար խաղաղութեան բանակցութիւններ վարել` զէնքը գլխուն դրուած: Եթէ մարդիկ, որոնք (Հայաստանը) կը ներկայացնեն բանտն են, անոնք չեն կրնար ատոր (խաղաղութեան բանակցութիւններու) մաս ըլլալ», ըսած է ան:

Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը պարբերականին ըսած է, թէ մօտիկ ապագային խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման համար «տակաւին լուրջ խոչընդոտներ կան», եւ «Եւրոպական Միութեան` ազնիւ միջնորդի դիրքը խարխլուած է»:

Կը նշուի նաեւ, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ժամանակին չէ պատասխանած «Ի.Եու.օպզըրվըր»-ի հարցումներուն:

Հայաստան Դեկտեմբեր 2023-ին աջակցութիւն յայտնեց ՔՈՓ29 խորհրդաժողովը հիւրընկալելու Ատրպէյճանի դիմումին: «Տը Կարտիըն» նախատեսած էր գործիչներու ՄԱԿ-ի կենսոլորտի փոփոխութեան խորհրդաժողովը Ատրպէյճանի մէջ գումարելու նկատմամբ դժգոհութիւնը:

Աւարտին յիշենք, որ 18 Դեկտեմբեր 2023-ին Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն եւ ֆրանսացի շարք մը քաղաքական գործիչներ դէմ արտայայտուած էին ՔՈՓ29-ին Պաքուի մէջ գումարման:

4 Յունիս 2024-ին գերմանացի իրաւապաշտպանները Պաքուի մէջ ՔՈՓ29-ին ընդառաջ պահանջած էին ազատ արձակել հայ բանտարկեալները: