Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով ուղղակի կերպով Երեւանը մեղադրած է Սիւնիքէն անցնող հաղորդակցութեան ուղիներու հարցով համաձայնութիւնները «սապոթաժ»-ի ենթարկելու յանցանքով` նշելով, թէ դժուար է այս գործելակերպը հասկնալ:
«Մենք կողմնակից ենք խաղաղութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրման եւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման: Ցաւօք, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն անցնող հաղորդակցութեան ուղիներուն, ինքնին հայկական ղեկավարութիւնն է, որ սապոթաժի կ’ենթարկէ համաձայնութիւնը, որուն տակ կայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրութիւնը: Դժուար է հասկնալ նման դիրքորոշման իմաստը», ըսած է Սերկէյ Լաւրով` ռուսական «Առաջին ալիք» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Ան պնդած է, որ եռակողմ հանդիպումներու եւ փաստաթուղթերու ծիրին մէջ դրուած հիմքը ամբողջովին կը պահպանէ իր այժմէականութիւնը:
Շաբաթներ առաջ ի յայտ եկաւ, որ շրջանային ապաշրջափակման հարցը վերցուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քննարկուող խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծէն: Բայց եւ այնպէս, Պաքուի մէջ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու 19 Օգոստոսի հանդիպումէն առաջ ռուսական պետական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը յայտնած է, որ քննարկման օրակարգին մէջ է նաեւ շրջանին մէջ կապերու ապաշրջափակումը` հիմնուած 2020-2022 համաձայնագիրներուն վրայ: