ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս.ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Յարութիւն Դերձակեան

Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ օրէնք է, որ կուսակրօն քահանաներ ձեռնադրուին։ Սակայն վերջերս Վատիկանի մէջ առնուած որոշումով ամուսնացեալ քահանաներ ալ սկսան ձեռնադրուիլ։ Այս ծիրէն ներս առաջին անգամ քահանայի ձեռնադրութիւն կատարուեցաւ Թորոնթօծին բարշ. Հայկ Սրկ. Շահինեանը, որ տեղի ունեցաւ 18 Օգոստոս 2024 Կիրակի, յետմիջօրէին ժամը 2-ին Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Ձեռամբ՝ Ամերիկա Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կաթողիկէ հայոց Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի։

Հայկ սարկաւագ իր ուսումը ստացած է նախ Լեւոնեան վարժարան, ապա Հռոմի  պապական Գրիգորեանա համալսարանի մէջ, 6 տարի ուսանած է փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն, այնուհետեւ Թորոնթոյի համալսարանէն աստուածաբանութեան մագիստրոսի տիտղոսին արժանացած է։

Կիրակի օրուայ ձեռնադրութենէն օր մը առաջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան կանոնական աղօթքներով քահանայի ձեռնադրութեան կոչման կարգը կատարուեցաւ։

Այս ձեռնադրութիւնը Թորոնթոյի հայութեան համար պատմական օր մը եղաւ։ Եկեղեցին կը յորդէր հրաւիլեարներու ընտրեալ հոծ բազմութեամբ եւ հաւատացեալներով, որոնց մեծ մասը ոտքի կը հետեւէր արարողութեան։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ արժանաւոր երկարամեայ հոգեւոր հովիւ Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչ հայ եւ օտար հոգեւոր հայրեր, բարշ. հիւր սարկաւագներ, ինչպէս նաեւ Նորօծ քահանայի ընտանեկան պարագաները։

Սուրբ Պատարագը մատուցեց Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, իրեն առընթերակայ ունենալով Հայր Արմենակ վրդ. Պետրոսեանը եւ Ռիչըրտ Շաքլ Տէր հայրը, ինչպէս նաեւ բարշ. սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները Եկմալեան եղանակով խիստ տպաւորիչ կերպով կատարուեցան երկսեռ դպրաց դասին կողմէ, խմբավարութեամբ՝ Եսայի Սարգիսեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեանբ՝Արմենիա Սարգիսեան Պատալեանի։

Յընթացս Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ Հայկ Սրկ. Շահինեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը։ Հայկ սարկաւագ դէպի Ս. խորան առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեանի կողմէ։ Կանոնական աղօթքներով ձեռնադրութիւնը կատարուեցաւ եւ քահանայի տարազներով զգեստաւորուեցաւ ու ձեռամբ՝ Սրբազան հօր, Սուրբ Միւռոնով օծուեցաւ Նորօծ քահանային ճակատն ու ձեռքերը։

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը առաւ մաղզման նշխարով եւ սկիհը գինիով, նուիրեալին ձեռքը տուաւ ըսելով՝ « Ա՜ռ քեզի իշխանութիւն եւ կարողութիւն Աստուծոյ շնորհքով կնքելու եւ Աստուծոյ սուրբ Պատարագը մատուցանելու, ողջերու եւ ննջեցեալներու համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով, որուն կը վայելէ փառքը, իշխանութիւնը եւ պատիւը։»

Եպիսկոպոսը առնելով  բուրվառը եւ խնկարկելով  նուիրեալին ըսաւ երեք անգամ « Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք, ընկա՜լ կեցոյ՜ եւ ողորմեա՛։ Օրհնեա՜ Տէր Հայկ քահանայ։»

Նուիրեալը գլուխը խոնարհեցնելով սուրբ սեղանին, Եպիսկոպոսին առջեւ ժողովուրդին դառնալով երեք անգամ ըսաւ « Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից Ամէն։ Խաղաղութիւն ամենեցուն։» Ապա, Եպիսկոպոսը խաչակնքեց նուիրեալը, որ ծունկի եկաւ իր առջեւ։

Ձեռնադրութեան արարողութեան աւարտին Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց։ Նախ շնորհաւորեց Նորօծ քահանան, որ ջերմ ծափահարութիւններու արժանացաւ, շնորհաւորեց նաեւ իր ընտանեկան պարագաները, ներկայ հոգեւորականները, սարկաւագաց դասը, եկեղեցւոյ հոգաբարձուները, դպրաց դասը եւ վերջապէս ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ նախ եւ առաջ յայտնեց՝ թէ այս իր երրրորդ քահանայի ձեռնադրութիւնն էր եւ իր յորդորները փոխանցեց Նորօծ քահանային։ Շեշտեց կարեւորութիւնը ժողովուրդին հաղորդելու Աստուծոյ խօսքը, յայտնելով որ քահանայական կեանքը կը կեդրոնանայ մէկ կէտի վրայ որը սէրն է։ Աստուծոյ արդարութիւնը սէր է, յոյս է եւ համբերել է։ Սէրը չնախանձիր, չհպարտանար, չչարախօսէր այլ կը սիրէ արդարութիւնը։ Քրիստոս հետեւեալը կ’ըսէ իր աշակերտներուն՝ «Արթուն եւ զգօն հսկել ժողովուրդին, զի դուն պիտի ըլլաս այս ժողովուրդին քարոզիչը։»

Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեան ջերմ խօսքերով ու բարձր  գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. քիրէջեանի մասին, որ աւելի քան 50 տարիներէ ի վեր մեծ նուիրումով ծառայութիւն կը մատուցանէ այս եկեղեցիէն ներս։ Սրբազանի խօսքերու աւարտին Հայր Եղիան արժանացաւ հաւատացեալներու յոտնկայս երկարատեւ որոտընդոստ գնահատական ջերմ ծափահարութիւններուն։

Ս. Հաղորդութեան ընթացքին Նորօծ Հայկ քահանան, Առաջնորդ Սրբազանի հետ միասնաբար Ս. Հաղորդութիւն բաժնեց հաւատացեալ ժողովուրդին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի գեղեցիկ երգեցողութիւններով տեղի ունեցաւ խաղողի օրհնութիւն։ Ապա,  Նորօծ Հայկ քահանայ Շահինեան ձեռնամած դասին մէջ ոտքի կայնած շնորհաւորութիւնները ընդունեց եւ ներկաներ մօտենալով իրեն օծեալ ձեռքերը համբուրեցին։

Հոս կ’ոււզենք նշել՝ թէ Հայկ քահանային կնքահայր եղած են Տէր եւ Տիկին Եսայի-Քրիստին Սարգիսեաններ։

Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ ճոխ հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, ներկաներ առիթը ունեցան Նորօծ Տէր հօր հետ նկարուելու եւ զրուցելու։