Առողջապահական օգնութիւն` Դարբնիկ ապրող սուրիահայերուն

Դեկտեմբեր 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» բժշկական բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ աւանդոյթ դարձած առողջապահական այց Արարատի մարզի Դարբնիկ համայնք:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակի տուած տեղեկութիւններով՝ այցի ընթացքին իրականացուեցաւ տեղի մինչեւ 18 տարեկան 117 սուրիահայերու, իրաքահայերու եւ Խորհրդային Ատրպէյճանէն տեղահանուած անձերու ակնաբուժական եւ ատամնաբուժական ստուգում:

Անոնցմէ 70-ը մասնագիտական բուժման կարիք ունի: Մինչեւ 14 տարեկան երեխաները համապատասխան բուժումներ կը ստանան Երեւանի մէջ` «Հաուըրտ Գարակէօզեան» բժշկական բարեգործական հաստատութեան մէջ:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Դարբնիկ համայնքին մէջ ապրող սուրիահայ տիկին Արաքսեան, որուն երկու թոռնիկները` Արաքսեան եւ Ալինան բժշկական ստուգում անցած են, բժիշկներու այցելութիւնը գնահատելի քայլ համարեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն: «Թոռնիկս` Ալինան, առողջական խնդիրներ չունի, իսկ Արաքսեայի մօտ բժիշկները որոշ խնդիրներ նկատեցին ու խոստացան ակնոց ուղարկել»,-աւելցուց տիկին Արաքսեան:

Նշենք, որ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» յիշատակի ընկերակցութիւնը 95 տարիէ ի վեր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կ’իրականացնէ մարդասիրական եւ բարեսիրական տարբեր ծրագիրներ: