Իրանագէտ Վարդան Ոսկանեանի թելեկրամեան գրառումը․
«Իրանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Ապաս Արաղճին յայտարարած է. «Կովկասի տարածաշրջանը Իրանի համար աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունի։ Պատմական, մշակութային եւ աշխարհագրական մերձաւորութիւնը կրկնապատկած է այս տարածաշրջանի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումի կարեւորութիւնը»։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարին խօսքերը կու գան անգամ մը եւս փաստելու, որ պաշտօնական Թեհրանի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ Հարաւային Կովկասը այլեւս առաջնային շահերու եւ կարեւորութեան գօտի է, ուր Իրան պիտի աշխատի կրկնապատկուած ջանքերով։ Ակնյայտ է նաեւ, որ իրանական աշխուժութեան կարեւորագոյն դրդապատճառն է նաեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ ներկայութեան աճը մեր տարածաշրջանին մէջ, ինչ որ լրացուցիչ մարտահրաւէրներ ի յայտ բերած է ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Իրանի համար, ուստի անոնց յաղթահարման համար խիստ արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ հայ-իրանական բազմակողմ համագործակցութիւնը, որ կրնայ եւ պէտք է ստանայ քաղաքակրթական դաշինքի ռազմավարական ձեւաչափ, քանի որ այս տարածաշրջանին մէջ հայ-իրանական պատմական եւ քաղաքակրթական կապերը ամենահինն են, իսկ Հայաստան-Իրան խաղաղութեան սահմանը երկու երկիրներու միջեւ որեւէ ատեն գոյութիւն ունեցած հնագոյն սահմաններէն է»: