Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը մանրամասնութիւններ հաղորդած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային զրոյցին մասին։
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է, որ Հայաստանի վարչապետն ու Ռուսիոյ նախագահը շարունակած են քննարկել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցեր՝ նկատի առնելով նաեւ Վլատիմիր Փութինի` Պաքու կատարած պետական այցելութեան ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ բանակցութիւնները։
Ռուսական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է հետագային Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին աջակցելու խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման, սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծումի, ինչպէս նաեւ երթեւեկային-տեղական կապերու ապաշրջափակման գործընթացները յառաջ մղելու։
«Երկկողմ օրակարգի մասին միտքերու փոխանակումի ընթացքին յատկապէս ընդգծուած է առեւտրատնտեսական գործակցութեան դրական աշխուժութիւնը։ Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու շփումները», ըսուած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Աւելի ուշ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային զրոյցին մասին հաղորդագրութիւն տարածած էր նաեւ Հայաստանի վարչապետին աշխատակազմը։