Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործերու նորանշանակ նախարար Սեյետ Ապպաս Արաղչիի հետ:
Արարատ Միրզոյեանը շնորհաւորած է իր Սեյետ Ապպաս Արաղչին արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնին նշանակուելու առիթով եւ յաջողութիւն մաղթած է անոր կարեւոր առաքելութեան մէջ:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգին առնչուող հարցեր՝ ընդգծելով բարեկամական կապերու, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ ամուր գործընկերութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ շարունակական ջանքեր գործադրելու երկուստեք պատրաստակամութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է յառաջիկայ ծրագրերուն:
ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը նշած է, որ հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ ՀՀ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան անխախտելիութեան առնչութեամբ Իրանի հաստատուն դիրքորոշումը: