Հովանաւորութեամբ Մեթրոփոլիթ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ «Primate of Greek Orthodox Metropolis of Canada» Սոթիրոս Ս. Արք. Աթանասուլայի եւ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, ու կազմակերպութեամբ՝ Օնթարիոյի Ուղղափառ եկեղեցիներու խորհուրդի, Ուրբաթ Դեկտեմբեր 4 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի սրբադասուած զոհերու յիշատակին նուիրուած խաղաղական ժամերգութեան «Evening Vespers Service in the Armenian Tradition»:
Եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարգարեան, բարի գալուստ մաղթեց օտար եւ հայ Ուղղափառ եկեղեցիներու Առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ ներկայ հաւատացեալներուն, որոնք եկած էին միասնաբար աղօթելու Ապրիլեան Եղեռնի սրբադասուած զոհերու յիշատակին նուիրուած սոյն ժամերգութեան:
Շարականներու երգեցողութիւնները ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ եկեղեցւոյս դպրաց դասի կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի իսկ Սուրբ Գիրքի ընթերցանութիւնները կատարուեցաւ օտար եւ հայ հոգեւորականներու կողմէ:
Յաւարտ ժամերգութեան, Տէր Զարեհ Աւագ Քահանան ներկայացուց օրուայ պատգամաբերը Սոթիրոս Սրբազանը, տալով կենսագրական ամփոփ գիծերը:
Սոթիրոս Սրբազան հաղորդական ոճով փոխանցեց օրուայ պատշաճ պատգամը:
Շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկաւ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Աբգար Սրբազան հայրը, ապա Սոթիրոս Սրբազանին յանձնեց Ս. Էջմիածնէն բերուած փայտի վրայ փորագրուած հայկական խաչ մը:
Ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» ներքնասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյս Աստուածաշունչի Սերտողութեան Յանձնախումբի: