Պաշտօնական Պաքուն մերժեց Երեւանի վերջին առաջարկը՝ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագրի այն յօդուածները, որոնք արդէն համաձայնեցուած էին, միւսներուն քննարկումը թողելով ապագային։ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը հայկական կողմին խորհուրդ տուաւ աւելի լուրջ մօտենալ հարցին։
Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը վերջերս եւս պնդած է Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջը, ինչպէս նաեւ կրկնած՝ Երեւանը «ուժգին կը զինուի», ինչ որ ըստ անոր, կը խոչընդոտէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան վերականգնման։ Նման յայտարարութիւն ըրած էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին օգնականը։ Մէկ քայլ առաջ երթալով՝ Հիքմեթ Հաճիեւը զուգահեռներ կատարած էր Հայաստանի ու Իրաքի միջեւ եւ պնդած, թէ պէտք է «սահմանափակումներ կիրառուին Հայաստանի ռազմական կարողութիւններուն նկատմամբ»: