Երեւանը օրինական գետնի վրայ կը շարունակէ ՀԱՊԿ անդամ մնալ՝ ունենալով պարտականութիւններ եւ իրաւունքներ։
«Արմէնփրէս»-ի թղթակիցի փոխանցմամբ՝ այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան՝ նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները այդ գործունէութենէն նահանջ որդեգրած են։
«Յոյս ունինք, որ առաջին հերթին մեկնելով Հայաստանի անվտանգութենէն, նաեւ տարածաշրջանի կայունութենէն՝ Հայաստանի լիարժէք գործունէութիւնը ՀԱՊԿ շրջանակներուն կը վերականգնուի»,- ըսած է Զախարովա։